Հասարակաց յայտարար
Վերջին շուրջ ինն տարիներու ընթացքին, երբ թափուր է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, կ՚երեւի՝ թրքահայութիւնը երբեք այսքան յոյսով չէր տոգորուած։ Այդ յոյսը դարձած է հասարակաց յայտարար մը՝ մեր համայնքին համար։ Համախմբող յոյս մըն է այս մէկը, մեր համայնքի անդամները միաւորող։