ՀԱԿԱՌԱԿ ԾԱՆՐ ՕՐԵՐՈՒՆ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ ԱՌ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՉԷ ՄԱՐԱԾ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայերու շարքին կայ հատուած մը, որուն սէրը առ Հայաստան անմեռ-անմար է։ Այդ սերունդի ներկայացուցիչներէն բազմաթիւներ, ինչպէս այսօրուան խօսակիցս՝ տքթ. Վաչէ Վասիլեան, երախտաշատ են այն Հայաստանին հանդէպ, որ ո՛չ միայն իրենց հոգին սնուցանեց, այլեւ իրենց առջեւ բացաւ յաջողութեան ճանապարհներ։