ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ (1878-1943) ԴԱՐԱՍԿԶԲԻ ՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
1878-ին Պոլսոյ Սկիւտար թաղին մէջ լոյս աշխարհ կու գար մանուկ մը, որուն պիտի վիճակուէր դառնալ ոչ միայն հայ, այլեւ միջազգային չափանիշով աչքի զարնող երեւոյթ մը։ Այդ մանուկը յետագային պիտի դասէին դարուս հինգ նշանաւոր կիներէն մէկը։