«ԵՍ ԵՄ. ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Խաղաղութի՜ւն ձեզի։ Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ 24.36)
Յիսուսի հետեւորդները խուճապի մատնուած էին Անոր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերու իրադարձութիւններուն առ ի հետեւանք։ Անակնկալի եկած էին այդքան արագ կատարուած իրադարձութիւններէն։