ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԵԶՈՒ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դահլիճի մը մէջ նստած՝ ժամերով կը լսեմ թեր ու դէմ կարծիքներ: Հարցը կը քննարկուի բոլոր տեսանկիւններէն, հեղինակաւոր մտաւորականներու հոյլ մը նոյն մտահոգութիւնները կ՚արծարծէ: Ափ ի բերան կը հետեւիմ անցուդարձին՝ «Միաձուլենք», կ՚ըսէ մին, «Միաձուլումը լուծում չէ» կ՚ըսէ ուրիշ մը: Բոլորը միաբերան կ՚արձագանգեն դպրոցներու ծրագիրներուն մէջ ներառել արեւմտահայերէնը: