ԿԱՊՈՅՏ ՁԵՌՔՆ ՈՒ ԿԱՂԱՆԴԸ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր է: Գիշերը ցերեկուընէ չի զանզազանուիր՝ ամէն տեղ լուսաւոր է, շողշողուն ու զարդարուն: Ակամայ դուրս կը նետուիս, սփոփանք մ՚է փնտռածդ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր է: Գիշերը ցերեկուընէ չի զանզազանուիր՝ ամէն տեղ լուսաւոր է, շողշողուն ու զարդարուն: Ակամայ դուրս կը նետուիս, սփոփանք մ՚է փնտռածդ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երազե՜լ, երազե՜լ… անդադար, անընդհատ երազել։ Բայց աւաղ, այսօր մարդիկ դադրեցան երազելէ ու կ՚ապրին իրենց կեանքը շատ միապաղաղ։ Մարդ արարածը, կարծես դադրեցաւ հաւատալէ հրաշքներուն։ Ուստի ժամանակակից մարդը նմանեցաւ քայլող, շնչող մեքենամարդու։
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Այս գիշեր երկինքէն
Հրեշտակներ վար իջան,
Այս տեսարանէն հովիւներ վախցան։
Ով հովիւներ ելէք,
Բեթլեհէմ վազեցէք,
Աւետեցէք զի Յիսուս ծնաւ։
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
- Մամա, մամա, այս տարի ո՞վ պիտի գայ մեր տունը, Կաղանդը որո՞ւ հետ պիտի անցընենք: Հա՛, եթէ մարդ չկանչես՝ ես ընկերներուս հետ դուրսը պիտի անցընեմ: Եթէ դուն Կաղանդը դուրսը անցընես՝ ես ընկերներս կրնամ կանչել, չէ՞, մամա՛: Դուք ալ կ՚երթաք տեղ մը, տունն ալ մեզի կը ձգէք: Մեզի քիչ մը ուտելիք բաներ մըն ալ կը պատրաստես, օօ՜հհհ, որքան կը զուարճանանք մենք մեզի: Կը լուսցնենք ընկերներով:
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
Երբ կը պատռես օրացոյցին այն թերթը, որմէ ետք եկողը կը ջնջէ անցածին կարօտը, այն ատեն կ՚ունենաս իսկական Ամանոր։ կ՚ունենաս Կաղանդ։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԴԱՆՈՅՇ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
Պատասխանէ՛ եւ շահէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մատենաշարէն հատոր մը։ Խորհուրդ մը քեզի․ բոլոր նիւթերն ալ համացանցի վրայ կրնաս գտնել։ Հեղինակին անունին հետ յիշէ՛ նաեւ հեղինակին ծննդեան ու մահուան թուականները․ այս ալ յաւելեալ աշխատանք քեզի։
ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ
Մեր հարուստ ազգականը իր մնացորդացէն քանի մը լիբանանեան ոսկիով իր բարի կամեցողութիւնը եւ խղճահարութիւնը կ՚արտայայտէր, կը փափաքէր բարեգործութեան դափնեպսակ մը շահիլ եւ տօնական օրերու նախօրեակին ուրախացնել եղբայրս, որ անհոգութեամբ եւ դժկամութեամբ մէկդի շպրտեց փուչիկէ այդ խեղճուկ Կաղանդ Պապուկը...։
ՍԻԼՎԻ ՊԱԼԵԱՆ
Երբ փոքր էինք, անհամբեր կը սպասէինք որ մանկապարտէզը կամ դպրոցները վերջանան ու ձմեռուան արձակուրդը սկսի: Դուռ-դրացի տեղացի էին եւ իրենց Ծնունդը հայերուս Ծնունդէն առաջ կը տօնուէր, ուրեմն իրենք արդէն իրենց նուէրները ստացած կ՚ըլլային:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Կիրակի երեկոյ տանս դիմացէն ձայներ լսեցի՝ խըշ-խըշ-խըշ... ականջս տնկած՝ արդեօ՞ք կատու է... յանկարծ դրան զանգին ձայնէն տեղէս ցատկեցի, շտապեցի՝ ո՞վ է այս ժամուն... դրան բռնիչին վրայ կախուած տոպրակ մը կար, աջ-ձախ նայեցայ՝ ոչ մէկը... տոպրակը արի, ձեռքերս նուէրներով լեցուած էին, ու անոնց վրայ զետեղուած նամակ մը կար.
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Անցեալ Կիրակի առաւօտ եկեղեցին բանալու ատեն տեսանք պատին յայտարարութիւնները կարդացող մարդ մը, որ ժամանակացոյցին ծանօթանալ կ՚ուզէր։ Յայտնի էր որ հայ մը չէր ան։