Հոգե-մտաւոր

ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԱԾ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աստուծոյ գոյութիւնը հարցականի տակ դնող անհաւատի տրամադրութեամբ, կոյրի մը յուսահատ խարխափումով ազգովի կը փորձենք քաշկռտելով կանգուն պահել մեր դաւանած բոլոր այն ճշմարտութիւններն ու գաղափարականները, որոնք մեզի համար մի՛շտ ալ մնացած են ու կը շարունակեն մնալ լոկ անրջական սկզբունք:

ՃԻ՞ՇԴ ԿԸ ԽՕՍԷՐ… ԹԷ ՍԽԱԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ շարունակ մամուլի էջերուն մէջ գրեցինք եւ կարդացինք սփիւռքի մէջ գոյատեւել փորձող հայկական դպրոցներու ճակատագրական վիճակին մասին, անոնց գոյութիւնը կենսական ու կարեւոր նկատելով ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան մէջ:

ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԲԵՒԵՌԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը հաւատա՞ք, որ ամէ՛ն մարդ, որոշ չափով մարգարէ մըն է եւ մարգարէանալու շնորհքը շատ անգամ հիմնուած է տրամաբանութեան հիմերուն վրայ՝ քան Աստուածային պարգեւին: Սակայն բոլորիս մարգարէանալու ձիրքը տարբեր է մէկը՝ միւսէն. մին կրնայ վաղուայ պատահելիքը կռահել ու գուշակել, ուրիշ մը շաբաթ մը ետքը, ամիս մը ետք... իսկ ոմանք ամբողջ դար մը:

«ՀԻՆ ԳԼՈՒԽ» ԹԷ՞ «ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԾ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 70 տարիներ առաջ՝ 1950 թուականին մամուլներ տեղեկութիւն կը փոխանցէին ֆրանսացի գիտնական Անտրէ Թոմասի մասին, որ լծուած էր «յարութիւն պարգեւող մեքենայ»ի մը պատրաստութեան աշխատանքին: Գիտնականը կը պատրաստէր մեքենայ մը, որ սիրտ, թոքեր եւ արիւն ունի, որոնց շնորհիւ իբրեւ թէ կարելի պիտի ըլլայ մեռեալներու արեան շրջանը ապահովել եւ գուցէ՝ վերակենդանացնել մեռեալը:

ԱԹՈՌԻՆ ՊԱՏԻՒԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ խօսելով աշխարհայնացման սպառնացող աղէտին մասին կ՚անդրադառնանք պատուին եւ արժանապատուութեան սրբազան արժէքներու կորուստին՝ գուժելով անոնց անհետացող կարեւոր դերը մեր ներկայ սերունդի կեանքէն ներս:

ԹԵՐԶՃԻ ՄԱՐԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մայր մըն էր. գեղադէմ, նոյնքան եւ աւելի խոցուած մայր մը, որ շինծու ժպիտին տակ կը փորձէր սքօղել զինք տոչորող ցաւն ու կսկիծը: Կենդանի մեռելութիւնը քաշկռտող շինծու ժպիտը կ՚ընդդիմանար լքումի ամօթին եւ այդ կեանքի պատիժը ստուերի մը պէս կը բարդուէր վիշտերուն վրայ:

ՄԱՅԹԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՄԵՌՆՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հիւսիսային պողոտայ եմ. խճողուած է՝ ինչպէս միշտ:
Լուսաւորութեան մէջ փողոցին անըմբռնելի մթութիւն մը կայ. այն մթութիւններէն՝ որ առանց պատճառի խռովք ու վրդովում կը յառաջացնեն մարդու ներաշխարհէն ներս՝ անծանօթ յոյզով մը խեղդելով արդէն իսկ մռայլ հոգիները:

ԴՐԱԽՏՆԵԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս սկսած եմ համոզուիլ, որ «յառաջդիմութեան» մէջ եղողը միայն աշխարհ մոլորակը չէ: Հաւանաբար ստուարաթիւ ընդվզումէ եւ բողոքէ, բազմաթիւ գանգատի նամակներէ ետք Եդեմական դրախտի վարչութիւնը եւս վճռեց քայլ պահել այդ յառաջդիմութիւններուն:

ԲՈԶԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ո՞ր ազգն ու պետութիւնը երբեւէ ունեցած չէ ինկածներ, որոնք կեանքի եւ պատուի աւերակութեամբ դուրս կու գան փողոց՝ ցոփութեամբ հրապուրելու այս կամ այն դիւրագրգիռ անցորդը, խարդախ սիրոյ հմայք մը ներշնչելու հիասթափութեամբ:

ՅԱԿՈԲԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յակոբի աղջկան հետ ծանօթացած էի Լիբանանի մէջ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին. ծանրախոհ, լուրջ ու լուռ էր, սակայն ինչպէ՞ս սկսանք խօսիլ ու ծանօթանալ՝ ես ալ չեմ գիտեր: Ծանօթութիւնը ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ մտերմութեան, որ շատ անգամ աւելի՛ն կ՚արժէ՝ քան արիւնակից ազգականի մը գոյութիւնը:

Էջեր