ՊՈԼՍՈՅ ԶԱՒԷՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՔՍՈՐԸ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Արմաշական սերունդի առաջին շրջանաւարտներէն, 1868 թուականին Իրաք ծնած Զաւէն Արքեպիսկոպոս Տէր Եղիայեան 1913-ին կ՚ընտրուէր Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ, յաջորդելով Յովհաննէս Արշարունի Պատրիարքին, դառնալով ամենէն երիտասարդ պատրիարքը։