ՀԱՅ ԱՆՈՒԱՄԲ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր ձեզի պիտի ծանօթացնեմ Մերի Կրէյսին, Աննա Մարիային, Տայանային, Ալեքսին, Քլարային, Անժելինային եւ շա՜տ շա՜տ ուրիշներու: Անունները կարդալով յանկարծ օտարազգի անձնաւորութիւններ չկարծէք. անոնք թոռներն են Մուշեղին, Աբգարին, Արամին, Արփիարին: