ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի վեց կիրակիի երրորդն է «Անառակին Կիրակի»ն, ուր կը պատմուի անառակ որդիի մը մեղանչումին եւ անհնազանդութեանը յաջորդող անկեղծ զղջումը եւ դարձը։
Այս առակը, արդարեւ, մարդկային կեանքի եւ սրտի պատմութիւնն է։ Այս առակով կ՚արտայայտուի եւ կը ներկայացուի քրիստոնէութեան ամբողջ էութիւնը։