ՀՆԱՄԱՇ ԱՅԼ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ իմաստութիւն եւ հմտութիւն կը պահանջէ՝ կարճ խօսքով շատ բան ըսել, եւ ամփոփ եւ հակիրճ ասութիւններով նպատակ մը կամ իմաստ մը արտայայտել։ Արդարեւ, իմաստը ո՛չ թէ երկար խօսքերու մէջ, այլ համառօտ նախադասութեան մը մէջ շատ աւելի հասկնալի կ՚ըլլայ։