Հոգե-մտաւոր

ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ նեղութիւններ անպակաս են, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ միշտ կը պատահին եւ պիտի պատահին. ասիկա կեանքին անխուսափելի մէկ իրողութիւնն է. օրէնք մը՝ որ ամէնուն հաւասարապէս ի զօրու է։
Անշուշտ երբ կ՚ըսենք «հաւասարապէս» ասիկա պէտք չէ հասկցուի՝ ամէնուն հաւասար չափով նեղութիւններ կրելու իմաստով, քանի որ նեղութիւններու աստիճանը կը փոխուի իւրաքանչիւր անհատի համար՝ քիչ կամ շատ, պատահական կամ տեւական։

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքի մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ… Եւ գիտենք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը։ Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի։

ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուած մարդը «իմացական արարած» ստեղծեց եւ անոր տուաւ անձի արժանապատուութիւն՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Ուստի մարդ ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր է իր արարքներուն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆ ՈՒԽՏԻ ՄԷՋ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յարութեան վարդապետութեան կը հանդիպինք նաեւ Հին կտակարանին մէջ. Յարութեան վարդապետութիւնը Հին ուխտի մէջ կա՛յ։ Ուստի Հին կտակարանի շատ մը հատուածներու մէջ կը մատնանշուի Յարութեան ճշմարտութիւնը, որոնցմէ օրինակներ կը ներկայացնենք ստորեւ։

ՍԷՐԸ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻ՛ՒՆ Է

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին. բնական է ասիկա, քանի որ կեանքը սիրո՛յ արդիւնք է, եւ հոն ո՛ւր սէր կայ, հոն կեանք կայ եւ հոն ո՛ւր սէրը մշտնջենական է, հոն կեանքը անմա՛հ է։ Արդարեւ սէրը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը սիրէ Աստուած Իրեն համար՝ ամէն բանէ վեր եւ իր նմանները իբրեւ իր անձը, Աստուծոյ սիրոյն համար։

ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Աշխատասիրութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ ջանասիրութիւն՝ ուժը գործածել արդիւնք մը ձեռք ձգելու համար։ Աշխատասիրութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ յարատեւութիւն, անվհատ գործելու եւ շարժելու պատրաստակամութիւն։

ԱՅՆ ՈՐ «ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ» Կ՚ԸՍՈՒԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այն ինչ որ «ճակատագիր» կ՚ըսուի, ստեղծագործութեամբ հաստատուած աստուածային «ծրագիր»ի մը մասն է, որ իւրաքանչիւր անհատի «դեր» մը, կամ պարտականութիւն մը կու տայ, որպէսզի ստեղծագործութիւնը հասնի իր նպատակին եւ «ծրագիր»ը անթերի կերպով կատարուի։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, արարչագործութիւնը տակաւին կը շարունակէ մինչեւ որ իր վախճանին հասնի, ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականանայ։

ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ Ս. ՀՈԳԻՈՎ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Հոգիին շնորհքը կարողութիւն ունի մարդս արդարացնելու, այսինքն զայն մաքրելու իր մեղքերէն եւ իրեն հաղորդելու «Յիսուս Քրիստոսի հաւատքովը՝ Աստուծոյ արդարութիւնը» (ՀՌՈՄ. Գ 22) եւ Մկրտութեամբ. (ՀՌՈՄ. Զ 3-4)։ Զօրութեամբ Սուրբ Հոգիին, մարդիկ իրենց բաժինը կը բերեն Քրիստոսի չարչարանքին, մեռնելով մեղքին համար, իրենց բաժինը կը բերեն նաեւ Անոր Յարութեան՝ ծնելով «Նոր կեանք»ի մը համար։

ԻՏԷԱԼՈՎ ՄԸ ԱՊՐՈՂՆԵՐ…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իտէալով մը՝ հեռանկարով մը ապրողներ երբեք չե՛ն մեռնիր, քանի որ իտէալը վախճան չունի եւ կը գոյատեւէ այնքան՝ ո՛րքան մարդկութիւնը՝ բանաւոր մարդը կա՛յ եւ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ իտէալով մը ապրող վե՛հ անձնաւորութիւններ սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն իրենց իտէալը, եւ կ՚ապրին շարուանակել իրենց անվախճան իտէալին մէջ՝ իրենց արժանաւոր յաջորդներուն հետ միասին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքը պայքարներով եւ փորձութիւններով լեցուն է, ինչպէս նաեւ անակնկալներով։ Արդարեւ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու համար «յատուկ ծրագիր» մը ունի, որ մաս կը կազմէ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։

Էջեր