ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 5-6)։
Ահաւասիկ միակ եզական կեանք մը, միակ եւ աննախընթաց երեւոյթ մը՝ միակ ճշմարտութիւնը…։ Ահաւասիկ երիտասարդ «մարդ» մը, որ ծնաւ աննշան գիւղի մը մէջ, զաւակը՝ համեստ եւ խոնարհ մօր մը։