ՄԵԾ Է Ա՛ՅՆ՝ ՈՐ ԱԶՆԻՒ Է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազնիւ ըլլալ» կը նշանակէ՝ բաբախուն սիրտ մը ունենալ, բարիքի մասին խորհիլ, առաքինութիւններով օժտուած ըլլալ եւ անդրադառնալ իր իսկ ինքնութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազնիւ ըլլալ» կը նշանակէ՝ բաբախուն սիրտ մը ունենալ, բարիքի մասին խորհիլ, առաքինութիւններով օժտուած ըլլալ եւ անդրադառնալ իր իսկ ինքնութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի կ՚ըսէ, թէ՝ երէցները իբրեւ Աստուծոյ խորհուրդին անդամները եւ իբրեւ առաքեալներուն համախումբը՝ առանց անոնց կարելի չէ՛ Եկեղեցիի մը մասին խօսիլ։ Ուստի «ձեռնադրուած պաշտօնատար»ին եկեղեցական ծառայութեան մէջէն՝ Քրիստոս Ի՛նքն է որ ներկայ է Իր Եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ Գլուխ՝ Իր Մարմինին, իբրեւ Հովիւ՝ Իր հօտին, Քահանայապետ՝ փրկչագործ զոհին եւ Վարդապետ՝ ճշմարտութեան։ Այս իմաստով, քահանան կը գործէ յանձին Քրիստոսի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հինէն ի վեր կ՚ըսուի, թէ՝ չգիտնալը ամօթ չէ, այլ՝ չսորվի՛լը։
Մասամբ ճիշդ է այս մտածումը, բայց ո՛չ բոլորովին, քանի որ անգիտութիւնը երբ միշտ պատճառաբանուի, «չսորվեցնող» ամէն մարդ ամբաստանուած, մեղադրուած կ՚ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը խօսուի «ապաշխարութեան» մասին, այսինքն՝ «զղջում»ի մասին, ասիկա բնականբար պէ՛տք է որ գործնականի, կեանքի վերածուի։ Արդարեւ, այն ամէն խորհուրդ, ամէն խօսք արժէ՛ք կը ստանայ, երբ գործի՝ գործնականի վերածուի եւ կեանքի ընդհանուր ընթացքին մաս կազմէ։ Եւ ապաշխարութիւնն ալ այս կարեւոր արժէքներէն է, որ գործի, այսինքն կեանքի վերածուի եւ ընթացք տայ անոր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին, բոլոր դրութիւններու կողմէ, թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ կրօնական տեսակէտով արգիլուած է մարդ սպաննելը։ Ուստի Տասը Պատուիրաններուն հինգերորդն է՝ «Մի՛ սպաններ» (ԵԼՔ. Ի 13)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածադիր զգացում մըն է «ներողամտութան ոգի»ն մարդուն մէջ։ Քրիստոս իր ամբողջ կեանքին մէջ կ՚ուզէ արթնցնել այս զգացումը մարդուս մէջ՝ իր քարոզներով, խրատներով եւ առաքելութեամբ, որ թմրած եւ անզգայացած էր, մարդիկ օտարացած էին ներողամտութեան ոգիին։ Քրիստոնէութեամբ, ներողամտութիւնը ստացաւ նոր նկարագիր եւ իմաստ՝ որով հետզհետէ օժտուեցան մարդիկ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բանականութեան ամենէն խորթ եւ օտարոտի թուած պատուէրներէն մին է՝ «թշնամիները սիրե՛լ»։
Արդարեւ, ո՜րքան դժուար է իրագործել այս պատուէրը, քանի որ մարդ, բնականաբար «եսասէր» է եւ երբեմն ինքնամոլ եւ իրեն համար դժուար է ներել, մանաւանդ երբ վիրաւորուած կը զգայ ինքզինք՝ բարոյապէս կամ մարմնապէս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մկրտութեամբ եւ Դրոշմով, մարդ կը ստանայ Հոգիին կեանքով ապրելու անհրաժեշտ շնորհները՝ զինք դէպի յաւիտենական կեանք տանող երկրաւոր կեանքին մէջ։ Արդարեւ, հոգեւոր կեանքը անբաժան է մարդուս երկրաւոր կեանքին մէջ, քանի որ մարդ թէ՛ մարմին է, թէ՛ հոգի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաց»ը իր ընդհանուր իմաստով, կը նշանակէ այն՝ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է մարդկային մարմնաւոր-ֆիզիքական կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բիւզանդական Վաղէս կայսրը «արիոսական» աղանդի հետեւորդ էր եւ կը հալածէր քրիստոնեաները։
Սուրբ Սարգիս զօրավար եւս մէջն էր քրիստոնեայ հալածուած հաւատացեալներուն։