ՄԱՅՐԸ՝ ԻՐ ՎԵՀՈՒԹԵԱՆԸ ՄԷՋ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սովորութիւն է, տարին անգամ մը յիշել մայրերը՝ «Մայրերու օր»ուան տօնին առթիւ։ Ըսելիք չունինք այդ մասին անշուշտ, բայց երբ կա՛յ մայրութեան մեծ տիպար մը՝ Աստուածամայրը, ապա ուրեմն մենք ալ կ՚ուզենք ամբողջ շաբաթ մը յիշել մայրերը՝ Աստուածամօր Վերափոխման յաջորդող օրերուն, քանի որ ըստ Եկեղեցւոյ, տօնը կը տեւէ ինը լման օրեր։