ԻՐԱՐ ՀԱՍԿՆԱԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ, երբ ամէն օր կը խօսինք բազմաթիւ անձերու հետ, զիրար ո՞րքան կը հասկնանք, խօսակցութիւններու ո՞րքանը կը հասնի իրենց նպատակին։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, դժբախտաբար, որ ընդհանրապէս զիրար չենք հասկնար եւ կամ սխալ կը հասկնանք։