ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒՆ ԵՐԳԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ բարեկամներ, մի՛ թողուք որ ձեր մտածումներն ու մտահոգութիւնները մոլորեցնեն ձեզ։ Դիտեցէք ձեր շուրջը, ահաւասի՛կ գարո՜ւն է՝ բնութիւնը վերակենդանացեր է, ամէնուրեք ուրախութիւն, հրճուանք, խնդութիւն, ամէն ոք զուարթ ու շէն. եւ կարծես կեանքը նոր կը սկսի։