ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՎԿԱՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը հաւատացեալներ սրբադասուելով, այսինքն հանդիսաւորապէս հռչակելով, թէ անոնք առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրեցին եւ Աստուծոյ շնորհքին հաւատարմութեան մէջ ապրեցան, Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ եղող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը, եւ կը հրահրէ հաւատացեալներուն յոյսը, սուրբերը իբրեւ տիպար եւ բարեխօս տալով անոնց։