ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բնութիւնը եւ կրօնը համապատասխան ըլլալու եւ համընթաց ընթանալու համար պայմա՛ն է ներդաշնակել այս երկուքը, եւ այն ատեն է, որ կրօնը օգտակար տարր մը կ՚ըլլայ մարդուն համար։ Կրօնին նպատակայարմար գործածութիւնն է, որ մարդս կ՚երջանկացնէ հոգեպէս եւ ան կը ծառայէ մարդուն վերջնական երանելութեան։