Հոգե-մտաւոր

ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդուժի պատրաստութեան մասին գրեցինք առաջին անգամ, երբ կոնդակով յայտարարուեցաւ. անոր մասին գրեցինք տարուան կէսերուն, յայտնելով, որ «հռչակումէն անցած է 276 եւ ընդամէնը մնացած 88 օրեր», ունենալով պարզ այն յոյսը, որ 276 օրերուն չփոխածը յաջողի փոխել այդ մնացած 88 օրերը:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕՐԷՆՍԴՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ աստուածային Հիմնադրէն եւ Անոր առաքեալներէն յետոյ, միայն տիեզերական կամ ընդհանրական ժողովը կարող է սահմանել այնպիսի օրէնքներ՝ որոնք «պարտաւորական զօրութիւն» ունենան համօրէն քրիստոնէական Եկեղեցիին համար։

ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ՝ 1929 թուականին գրող եւ սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին նկատուող Շահան Շահնուր իր «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան մէջ կը բարձրաձայնէր մայրենի լեզուի նահանջը եւ այդ նահանջին դիմաց իր մեղա՜ն կը կարդար Արարատին։

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աւանդ» իր ամենայն եւ ընդարձակ իմաստով կը նշանակէ՝ «պահ տրուած բան»։ Ուստի, «աւանդ»ը արժէք մըն է՝ որ պէտք է պահեն եւ պահպանեն իրերայաջորդ սերունդներ։

ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արդէն չեմ գիտեր քանի տասնամեակէ ի վեր կը լսենք նոյն յանկերգը. «Նահանջի մէջ է ազգային արժէքները». բոլորիս համար ալ պարզ էր, տակաւին աւելի քան յիսնամեակ մը առաջ, որ օտարութեան մէջ մեծ է հաւանականութիւնը կորսնցնելու ազգային արժէքներ եւ անոնց պակասը օտարին արժէքներով լրացնելու։

ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հարցում. 2022 թուականը որպէս սփիւռքի տարի, ի՞նչ տարբերութիւն ունեցաւ 2021-էն. եւ կամ 2023-ը սփիւռքի նուիրուած տարին բոլորելով ի՞նչ յառաջդիմութիւն արձանագրեց:
Այս հարցադրումները կը կատարենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ եթէ 2024 թուականը այն է, ինչ որ 2021-ը կամ 2023-ը, ապա ինչո՞ւ համար իւրաքանչիւր տարի նուիրել բանի մը՝ երբ զգալի փոփոխութիւն մը պիտի չտեսնենք:

«ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ»՝ ՈՐՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Լերան քարոզը». (ՄԱՏԹ. Ե 1-14), իրապէս ուղեցոյց մըն է մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին՝ որ կը լուսաւորէ ճամբան եւ կ՚առաջնորդէ մեծ կատարելութեան՝ որ է Լոյս եւ Ճշմարտութի՛ւն։

ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ազգովին 2024 տարին շրջեցինք առանց վերջնական հաշուեյարդար մը կատարելու եւ այդ հաշուեյարդարի պակասութիւնը իրականութեան մէջ մեծ բացասական երեւոյթ մըն է մեր հասարակութենէն ներս, որ շատ մը ղեկավարներ կ՚ազատէ պատասխանատուութենէ:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ եւ ձեր ականջները լսեցին». (ՂՈՒԿ. Դ 21)։
Աստուծոյ Հոգին Յիսուսի վրայ էր արդէն Իր աշխարհ գալու պահէն իսկ, երբ մարմնացաւ եւ մարդացաւ. յետոյ երբ բժշկեց, քարոզեց եւ հրաշագործեց եւ աւետարանեց։ 

Էջեր