Օրակարգի նիւթերը

ՉԱՆՏԵՍԵԼ ՆՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հակասական կացութիւն -3
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առանձնայատուկ դիրքով պայմանաւորուած հաւասարակշռութիւններու անտեսումը օգուտէ աւելի վնասաբեր է:

ՉՄԱՏՆՈՒԻԼ ՓԱԿՈՒՂԻԻ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հակասական կացութիւն -2
Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը փութով պէտք է անպայման կանխէ այն տպաւորութիւնը, թէ մտադիր է թողել իր աթոռն ու լքել հօտը:

ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՇՐՋԱԴԱՐՁ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հակասական կացութիւն -1
Վեհափառ Հայրապետի թիրախաւորման ուղղեալ քայլերու պարագային տրամագծօրէն փոխուած է Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքի կեցուածքը:

Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ. 25 սրբազանի Սանկտ Փոլթենէն հրապարակուած յայտարարութեամբ նոր գլուխ մը կը բացուի՞ Հայաստանի իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն մէջ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համայն հայութեան օրակարգին վրայ հրատապ խնդիր մը դարձած է՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը: Սա իսկապէս ծանրածանր դրսեւորումներով տագնապ մըն է, որ խոր մտահոգութեան եւ անհանգստութեան պատճառ կը դառնայ համահայկական հարթութեան վրայ:

ԹՕԹԱՓԵԼ ԱՆՇԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ «Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու վիճակը՝ այսօր» խորագրեալ, Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքէն ներս կազմակերպուած համաժողովի քննարկումներու լոյսին տակ -2
Պուտափեշտի մէջ հաստատումներ:
Համահայկական հարթութեան վրայ ամլութիւնը կը խորանայ՝ քանի տասնամեակներէ ի վեր քարացած օրակարգը շարունակ կը կրկնուի եւ շօշափելի արդիւնքներու պակասը թոյլ չի տար դուրս գալ փակուղիէ:
Համակարգուած քայլերու բացակայութիւնը մէկ կողմէ պատճառ կը դառնայ՝ արդէն իսկ սահմանափակ ներուժի մսխման, միւս կողմէ անհաղորդ վիճակ կը ստեղծէ համազգային իրականութենէ ներս:
Անարդիւնաւէտութիւնը ճակատագի՞ր. սփիւռքի տեղական կառոյցները՝ հակառակ իրենց բուն նպատակի ճանապարհի չափազանց համեստ ցուցանիշներուն, կը ջանան դուրս գալ իրենց առաքելութեան հունէն ու կը գերադասեն իրենց խօսոյթով մաքրօ մակարդակի քաղաքական հարցերու հետամուտ ըլլալ: Մինչ շեղումները բոլոր ճակատներու պարագային կը հրահրեն անվիճելի նահանջ մը՝ մարդուժի պատրաստութեան լուրջ կաղացումները աստիճանաբար սպառնալիքի կը վերածուին երկարաժամկէտ նշանակութեամբ կենսական նպատակներու տեսակէտէ:

ԴԱՆՈՒԲԻ ԱՓԻՆ ՀԱՒԱՔ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ «Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու վիճակը՝ այսօր» խորագրեալ, Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքէն ներս կազմակերպուած համաժողովի քննարկումներու լոյսին տակ -1
Պուտափեշտի մէջ աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներու կողմէ արտայայտուած տեսակէտներու համագումարը ի յայտ կը բերէ հայ իրականութեան օրակարգի նոր առաջնահերթութիւնները, որոնց ծնունդ տուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին առկայ ներուժը խիստ սահմանափակ է բոլոր առումներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական այժմու իրադրութիւնը ստիպողութիւն կը ստեղծէ՝ համահայկական համագործակցութեան վերաբերեալ հաշուարկները վերատեսութեան ենթարկելու համար:
Ինքնութեան հարցերը իւրաքանչիւր քայլափոխին հետզհետէ աւելի ազդու ձեւով կ՚ուղղորդեն սփիւռքի ընթացքը, ուր ընդհանուր տկարացման միակ պատճառը չէ ժողովրդագրական մտահոգիչ պատկերը՝ մինչ ազգային-եկեղեցական հաստատութիւններու ցանցը կը դժուարանայ ժամանակներուն համակերպիլ եւ համահունչ քայլերով արագ արձագանգելու հրատապ կարիքներուն:

ՆՈՐՈՎԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս նոր առաջնորդի պաշտօնի ձեռնարկելը կը բնորոշէ նոր սկիզբի մը փուլը, որ հիմնական ակնկալութիւնները կ՚ուղղուին դէպի ամուր միասնականութիւն, համերաշխութիւն ու կենսունակութիւն՝ մանաւանդ երիտասարդութեան գծով։
Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան թարմ եռանդով ու վճռականութեամբ ձեռնամուխ կ՚ըլլայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչա-կազմակերպչական մարտահրաւէրներու յաղթահարման։
Զուիցերահայ համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն Վեհ. Հայրապետին նշանակումը, որով կ՚ուրուագծուին նոր հեռանկարներ եւ հնարաւորութիւններու դուռ մը կը բացուի՝ ներդաշնակ ոգիով համակարգուած աշխատանք ծաւալելու ուղղութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը, նաեւ թեմական խորհուրդի ատենապետն ու ատենադպիրը Ժընեւի մէջ յատուկ յայտարարութիւններ ըրին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ սահմանելով ներկայ սպասումները։

Սանասարեան խանի պարագային իրաւական գործընթացներու խճուղի

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ժամանակ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ համայնքին ուղղեալ պատգամները, բնականաբար, ունկնդրուեցան ուշադրութեամբ։ Կարգ մը նիւթերու պարագային իր ըսածները զուտ հետեւողականութեան նշանակութիւն ունէին, ըստ այլոց պարագային կային կարեւոր նրբութիւններ։

Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակի հարցը ինչպէ՞ս պատկերացնել Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան գործընթացին զուգահեռ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ժամանակ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անդրադարձաւ դէպի Անգարա վերջին ուղեւորութեան։ Իր ներածական խօսքին մէջ այս նիւթին վրայ կանգ առնելու առընթեր, ան հարցումի մըն ալ պատասխանեց այս կապակցութեամբ։

Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման հեռանկարը. թէեւ առաջին հայեացքով նպաստաւոր, բայց իրատե՞ս…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սուրբ Ծնունդի օրը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ երկրորդ անգամ պաշտօնապէս յայտնուեցան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ենթարկուած հալածանքները։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի միջեւ յառաջացած առճակատման։

Էջեր