ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒՆ ՁԱԽՈՂՈՒՄ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ընտրեալ-տեղապահն ու ընդհանուր փոխանորդը երէկ որոշ չափով զարգացուցին իրենց երկխօսութիւնը, սակայն չկրցան հասնիլ վերջնական արդիւնքի:
Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ քննարկումները շարունակուեցան մինչեւ կէսօրուան ժամերը: Շօշափելի տեղաշարժի մը բացակայութիւնը օրակարգէ դուրս թողուց Իսթանպուլի կուսակալութեան հետ նոր շփումի մը պարագան: Յետմիջօրէին Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տեսակցեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ: Նորին Սրբազնութիւնը վաղը պիտի մեկնի Մարսէյլ, ուրկէ պիտի վերադառնայ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին եւ այդ փուլին դարձեալ պիտի վերակենդանանայ գործընթացը: