Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ TRIPP նախագիծը կը դիտարկէ՝ որպէս ներդրում, որ կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ համագործակցութեան զարգացման։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին ժողովը:
Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ՝ Երեւան-Պրիւքսէլ ռազմավարական օրակարգի իրականացման զանազան հարցերուն:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մալեզիա կը գտնուի հարաւային Ասիոյ մէջ: Երկիրը կը յատկանշուի իր ցեղային ու մշակութային այլազանութեամբ, որ կ՚ընդգրկէ՝ մալայներ, հնդիկներ, չիներ ու տեղական զանազան ցեղախումբեր:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Այս կարեւոր շփումը տեղի ունեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վերջին դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երջանկութեան փափաքը սրտին ամենէն ընդոծին զգացումներէն է, բայց, մարդիկ ընդհանրապէս շփոթ գաղափար մը ունին թէ՛ անոր բնութեան, այսինքն անոր ի՛նչ ըլլալուն եւ թէ անոր ծագումին՝ այսինքն ի՛նչ բանէ յառաջ գալուն կամ ի՛նչ բանի մէջ կայանալուն մասին։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գուցէ սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներէն ոմանց համար «վիրաւորական» թուի այս մէկը, սակայն, ժամանակ մը ետք հասանք այն համոզումին, որ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող իւրաքանչիւր հայ՝ ի՛նչ պայմաններու բերումով ալ սփիւռքի մէջ գտնուի, «իրաւունք» չունի Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մասին կարծիք յայտնելու:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Լիւքսեմպուրկի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւը: Աշխատանքային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Դիլիջանի մէջ, Հայաստան:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

Երէկ, Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց՝ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան վերջնական արդիւնքը: Այպէս, խորհրդարան մուտք գործել յաջողեցաւ երեք քաղաքական ուժ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

Այսօր, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ: 

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նոր սկիզբ մը կ՚որոնուի՝ բեկումնային պահու սպասումով:
Զանազան իրավիճակներու մէջ, երբեմն կամքէ անկախ պայմաններով, տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած յուսախաբութիւններու շրջանցման համար անխուսափելի են իշխանութիւններուն կողմէ քայլեր՝ քանի ազգային միասնականութիւնը չի կրնար պահպանուիլ միայն յիշողութեամբ կամ զգացական կոչերով, որովհետեւ անհրաժեշտ է յստակ տեսլական:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ «EnerjiSA» ընկերութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը շրջանակներէն ներս:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ իրերայաջորդ երկու կարեւոր համերգով: Այսպէս, երգչախումբի ելոյթները մաս կազմեցին Իսթանպուլի երաժշտական փառատօնին, որ այս տարի 54-րդ անգամ կը կազմակերպուի:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը: Պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Անգին հարստութիւն մըն է յիշողութիւնը եւ ես դեռ կը յիշեմ: Անթիւ պատկերներ ունիմ կախուած յիշողութեանս պատերէն եւ անոնցմէ շատ-շատը կը պատկանի ուսանողական տարիներուս:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պատմութեան մեծագոյն թատերաբեմը միշտ ալ եղած է կայսրութիւններու ծնունդի, հզօրացման եւ անկման պատմութիւնը։
Դարեր շարունակ մարդկային քաղաքակրթութիւնը կը չափուէր աշխարհագրական սահմաններու անդադար ընդարձակմամբ եւ ռազմական ուժի բացարձակութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ կան պահեր, երբ անհատ մը կը կարծէ, թէ ինք առանձին է իր մտածումներուն մէջ։ Ան կը դիտէ շրջապատը, կը տեսնէ ուրիշներու լռութիւնը եւ կ՚ենթադրէ, թէ բոլորը համաձայն են տիրող իրավիճակին հետ։ 

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համաժողովի Բարեգործական հարցերու յանձնաժողովի եւ «Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երթա՞մ, թէ՞ ոչ… Ճի՞շդ եմ, թէ՞ սխալ…
Վերջապէս, Սուրբ Խորանին դիմաց կանգնած՝ «այո՞», թէ՞ «ոչ»… Նեղացուցիչ, տանջալից անորոշութիւն մը, որ չես գիտեր, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ծագեցաւ յանկարծ։ 

Էջեր