Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեան մասին խօսակցութիւնները լրջացան աննախընթացօրէն, ինչ որ ենթադրութիւններու դուռ կը բանայ նաեւ նոր աշխարհաքաղաքական ճեղքերու մասին: Համաձայնութի՞ւն, թէ խուսանաւում…
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն: Վերջին շրջանին Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ երթեւեկը բաւական բանուկ է՝ բարձր այցելութիւններու մակարդակի առումով:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
27 մայիսը անմահ Յակոբ Պարոնեանի (Ատրիանուպոլիս, Էտիրնէ, 19 նոյեմբեր 1843 - Կ. Պոլիս, 27 մայիս 1891) յիշատակի օրն է: Իր մահուան 135-ամեակը: Հայագիտութեան հսկան, հանճարեղ լեզուագէտ եւ գիտնական Հրաչեայ Աճառեան՝ որ աշակերտած է հանճարեղ երգիծաբան, թատերագիր, Զարթօնքի սերունդի գրողներէն Յակոբ Պարոնեանի (*), Պոլսոյ Կեդրոնականին մէջ չորս տարի իր ուսանողական տարիներու ընթացքին, մասնաւորապէս 1890-1891 կրթական տարեշրջանին:
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1. Ի՞նչն է ընդհանրականութիւնը: 2. Հայաստանեայց Եկեղեցին ունի՞ զայն: 3. Քանի՞ ժողովներ կ՚ընդունի: Ինչէ՞ն յայտնի է, թէ ընդհանուր է:
1. Քրիստոսի Եկեղեցին ընդհանրականութիւն կը վայելէ, որովհետեւ Ինք մէ՛կ է եւ Իրեն հպատակողները՝ ի՛նչ ազգէ եւ ի՛նչ լեզուէ ալ ըլլան, բաւարար է.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել «Խոհք եւ խօսք»էն հատուածներ՝ Մաղաքիա արք. Օրմանեանի գրիչով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամերիկայի քաղաքակրթութեան քննադատուած այդ օրերուն Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Ֆիկարօ» թերթը իր ընթերցողներուն կը դիմէ հարցումով մը. թերթը կ՚ուզէ հրատարկել ընթերցողներուն «Ապագայ կեանքի տեսարաններ» աշխատութեան մասին ունեցած կարծիքը, ինչպէս նաեւ լսել անոնց մտահոգութիւնը տարածուած այդ քաղաքակրթութեան մասին։
Էսաեան վարժարանի ութերորդ դասարանի սաները վերջերս շրջապտոյտ մը կատարեցին՝ դէպի Եգէականի շրջանը։ Լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ, տղաքը միասին հաճելի ժամանցի հնարաւորութիւն մը ունեցան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի եւ փոխ-տնօրէնուհի Ատրինէ Շէնգույումճեանի։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ երաժշտական փառատօն մը։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդութիւն դարձած է կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին նման փառատօներու կազմակերպումը։
Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներէն Ըլկըն Ազրա Տինտար վերջերս մասնակցեցաւ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մը։ Էրէնգիւղի «Ըշըք» լիսէին կողմէ կազմակերպուած այս մրցոյթին մասնակցեցան բազմատասնեակ աշակերտներ։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը վերջին օրերուն առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Թաղի «Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ներկաներու շարքին էին Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Գարին Թոկաչ Չաղլըուզուն եւ այլ հիւրեր։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը վերջին օրերուն առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Մալաթիոյ հայոց հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուպար Օփանի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն Սօնա Լազօղլու: Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան աւանդած է իր հոգին, սակայն, իր կորուստը խոր ցաւ պատճառած է թէ՛ իր սիրելիներուն եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային շրջանակներուն:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ յառաջիկայ օրերուն մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ՝ ի պատիւ պոլսահայ ասմունքի թագուհի Սիլվա Կոմիկեանի:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ նախօրէին եպիսկոպոսական օծում ու ձեռնադրութիւն ստացած սրբազանները, որոնց ընկերացաւ Տ. Արմաշ եպսկ. Նալպանտեան, որ կատարած էր խարտաւիլակի պարտականութիւնը:
Երէկ, Հոգեգալստեան տօնին, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կիզակէտին էին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ աւանդական արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան մրցակցութիւն. արհեսագիտութիւնը գերիշխանութեան հիմնական միջոց:
Պայքարի հիմնական հարթակներէն մին դարձած է մատակարարման ցանցերու վերահսկողութիւնը, ուր արհեստագիտական ինքնաբաւութիւնը անհրաժարելի է, իսկ կախուածութիւնը այստեղ կը վերածուի ռազմավարական խոցելիութեան:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Իր բոլոր հասակակիցներուն պէս, 13-ամեայ մանչս իր հեռաձայնին հետ է միշտ:
Նոր չէ այս սովորոյթը, խոստովանիմ: Ցաւօք, բաւական կանուխ մտերմացաւ ան խելացի այս գործիքին հետ: Տունը եղած պահերուս արդէն վարժուած եմ անոր հեռաձայնէն ելած ձայներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրիահայ գաղութը տասնամեակներ շարունակ եղած է հայկական սփիւռքի ամենակազմակերպուած եւ կենսունակ օճախներէն մէկը, ուր հայերը թէ՛ պահպանած են իրենց ինքնութիւնը եւ թէ դարձած են երկրի տնտեսութեան ու արհեստագործութեան շարժիչ ուժը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ իրենց ծնունդէն սկսեալ առաջին տարիներուն աշխարհը չեն ճանչնար տրամաբանութեամբ, այլ՝ զգացումով։ Երեխան տունի մէջ կը զգայ սէր կամ սառնութիւն, ապահովութիւն կամ վախ, լսուած ըլլալու հանգստութիւն կամ լռեցուելու ծանրութիւնը։