Արխիւ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Երջանիկ ենք մենք», ըսաւ մեր վարչապետը:
Գիտէ՞ք ինչու երջանիկ ենք:
Քանի որ իրականացուցած ենք «երազանքներու մեր հայրենիքը»:
Լա՛ւ, ծանօ՞թ էք, գո՛նէ, երազանքներու այդ հայրենիքին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքի մէջ, թերեւս, ամենէն դժուար հանդիպումը այն է, երբ մարդ վերջապէս կը հանդիպի ինքն իրեն։ Ո՛չ թէ այն «ես»ին, զոր ուրիշներուն կը ներկայացնէ, ո՛չ թէ այն դէմքին, զոր տարիներու ընթացքին սորված է կրել, այլ այն լուռ ու անպաշտպան մարդուն, որ իր ներսը կը մնայ՝ երբ բոլորը կը հեռանան, երբ սենեակը կը լռէ, երբ հեռաձայնը չի զանգեր, երբ այլեւս կարիք չկայ ոեւէ մէկուն բան մը ապացուցելու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի». (ՄԱՐԿ. Բ 5)։ Ներողամտութեան այս խօսքերը՝ անժամանակ եւ տիեզերական, այսօր ալ կը հնչեն համայն մարդկութեան համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս Քրիստոսի օրէնքներուն համաձայն «Մի՛ դատէք որ չի դատուիք»ը ժողովուրդին սորվեցնելու կոչուած կարգալոյծ նախկին քահանան կը յայտարարէր, թէ «Ո՛չ մէկ կաթողիկոս եկեղեցին այնքան չէ քաղաքականացուցած՝ ինչքան Կտրիչ Ներսիսեանը»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին շրջանին յաճախ բաղդատութիւններ կը կատարուին Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ. նմանութիւններու եւ տարբերութիւններու հետքերով:
Պատմութիւնը համեմատելով՝ առաջին հերթին պէտք է համոզուիլ, թէ կշիռքի նժարներուն վրայ դրուած փորձառութիւններն ու իրականութիւնները ըլլան համեմատելի:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
* ԱՐՄԱՇԻ դպրեվանքին Զ. դասարանի աշակերտները գրով մը Սրբազան Պատրիարք Հօր տեղեկացուցած էին, թէ իրենց շրջանը լրացուցած ըլլալով Պոլիս պիտի գան՝ ստանալու համար վարդապետական աստիճանը եւ վեղարի օրհնութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղքատութիւնը միայն նիւթական չգոյութեան մէջ փնտռել սխա՛լ է. բարոյական արժէքներու չգոյութիւնն ալ աղքատութիւն է։ Այս ուղղութեամբ՝ այն մարդը՝ որ բարեկամ չունի, աղքա՛տ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ազգի համար սփիւռքը ունի տարբեր նշանակութիւն. ոմանց համար կարեւոր է, իսկ ոմանց համար կորուսեալ։ Սակայն, կան ազգեր, որոնց պատմութիւնը մեծագոյն պատասխանն է այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքով ստեղծել հզօր Հայաստան մը:
ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ(*)
Ազգային մարզական միութեան (ԱՄՄ)-Հայ երիտասարդաց միութեան (ՀԵՄ) Սկաուտական շարժման երկրորդ բանակումը տեղի ունեցաւ 2026 թուականի օգոստոսի 3-7 թուականներուն միջեւ, Յորդանանի քրիստոնէական եւ Սուրբ Գիրքի հետքերով հարուստ Մատապա քաղաքին մէջ, վաթսուն մասնակիցներով, որոնցմէ երեսունը՝ Երուսաղէմէն ժամանած։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախագահները անդրադարձան Թուրքիա-Ղազախիստան յարաբերութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այս երկուշաբթի հանդիպում մը նախատեսուած է Պիշքէքի մէջ։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներուն հետեւանքները ատեն-ատեն ծայրայեղ լարուածութեան սահմաններուն կը հասնին։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ ոգեւորութեամբ, արդար հպարտութեամբ ու աւանդական շուքով այս շաբաթավերջին կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը ճակատարագրային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանին մէջ։
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ արձագանգ հանդիսացան կարեւոր իրադարձութեան մը, որ առանձնապէս ուշագրաւ կը համարուի՝ գաւառի երբեմնի ներկայութեան մնացորդացի խորհրդանշական պահպանման տեսակէտէ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Փառքագործումն ու յաւերժական սպառումը ապրման։ Ապրումը ապրիլին հետ ու ապրելու ապրումը, հոն ենք մենք:
Երբ կ՚ապրինք տիեզերականացման հմտութիւնն ու կատարեալ զգայնութիւնները շահելու ու բաժնելու համար, արդէն իսկ կը միանանք ժամանակով, տարածքով դիտուած-վերլուծուած ու թափանցուած ըլլալու մեծ փափաքով ու տարրագործմամբ:
«Շատ կարեւոր արձանագրում. մեր ժողովուրդը կը յաղթահարէ Խորհրդային Միութեան նոսթալժին»:
Նիկոլ Փաշինեան բաղդատական տուեալներ ներկայացուց հիմնական ներդրումներու եւ շինարարութիւններու ծաւալներուն շուրջ:
Այսօր, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու հերթական դատավարութիւնը նախատեսուած է՝ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթին կողմէ ամրան շրջանին Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած՝ փոքրիկներու ուղղեալ դասընթացքները պսակուեցան յաջողութեամբ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն ենք։ Մէկ խօսքով՝ դպրոցական վերամուտ։ Սա նաեւ կը նշանակէ վերադարձ դէպի վարժարան, իսկ հայ աշակերտին համար՝ հայ դպրոց:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երբ դպրոցական տարեշրջանի վերամուտը մօտենայ, բնականաբար արծարծուող բազմաթիւ հարցերու շարքին հրատապ կը դառնայ ժամանակակից արհեստագիտութեան գործածութիւնը: