Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի շրջանակներէն ներս, երէկ, Կարսի մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կարեւոր հաւաք մը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները փոխանակեցին շնորհաւորանքներ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026

Մ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Թաթոսը ժողովուրդի նկարիչն է։ Ան ամուր կառչած հայոց սրբազան հողին, իր կախարդական վրձինով կը կերտէ ազգային ու համամարդկային արժէքներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

3 յունիսի այգաբացի առաջին շառայլները ողջունելով, Հայաստանի մէջ աշտարակցիները կ՚արթննան արտերու եւ հանդերու մէջէն իրենց մեծանուն գրողին՝ Պերճ Պռօշեանի (Յովհաննէս Տէր-Առաքելեան Ստեփանի՝ աւազանի անունով, Աշտարակ գիւղ, 3 յունիս 1837 - Պաքու, 23 նոյեմբեր 1907, թաղուած է Խոջիվանքի Հայոց պանթէոնը, Թիֆլիզ) գրական բերքերու հպարտանքը ապրելու, ի լուր աշխարհին բարձրացնելու «Սօս եւ Վարդիթեր»ի համբաւեալ երգիչին անցելայուշ երգերը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Այո՛, պիտի տօնեմ Ս. Ծնունդը, Նոր տարին եւ Ծառատօնը։ Ասկէ ետք այլեւս բաց պիտի չձգեմ խնջոյք մը, հարսնիք մը, ո՛չ ալ հոգեհանգիստի կամ թլփատութեան առիթ մը, առանց առաջինը ներկայանալու եւ վերջինը հեռանալու վայրէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

Աթէնքի մէջ վերջերս (29 մայիս) տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ համախմբեց Յունաստանի հայ համայնքի շրջանակներէն զանազան դէմքեր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ, «Բաժնուած կղզի» գիրքին եւ այս վերջնոյն հիման վրայ պատրաստուած «Վիրաւոր կղզի» ֆիլմին համատեղ շնորհանդէսն էր։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը: Հայկական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փութին Փաշինեանը շնորհաւորած է ծննդեան առթիւ եւ յղած՝ բարեմաղթանքներ:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս արձանագրուած շօշափելի զարգացումները կ՚ուղղորդուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու աշխատանքային շփումներով։ Այսօր, Կարսի մէջ տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ գրեթէ ամէն օր Ֆրանսայի մէջ կը հնչեն «հայ», «Հայաստան» բառերը։
Երկրի զանազան քաղաքներու, հեղինակաւոր սրահներու, դահլիճներու մէջ միշտ հայկական բան մը կայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Ինչո՞ւ առաքելական կը կոչուի: 2. Ինչպէ՞ս կը սկսի: 3. Ուրկէ՞ սկիզբ կ՚առնէ:
1. Նախախնամութիւնը կրնար ամէն բան առանց միջոցի ընել, բայց երբեք առանց միջոցի ոչինչ տնօրինած է. 

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Հա՜յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ Քու կամքդ թող ըլլայ». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։ Ա՛յսպէս կ՚աղօթէր Յիսուս Ձիթենեաց լերան վրայ եւ Իր աշակերտներուն կ՚ըսէր. «Աղօթեցէք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 40)։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 1910 թուականին, հայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան Թէոդիկին գրած իր մէկ նամակին վերջաւորութեան հետեւեալ տողերը կ՚արձանագրէր. «Այստեղի կենցաղս մինչեւ ցարդ խիստ յուզումնալից եղաւ:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատասխանատուութեան պահը. ո՞վ պիտի ձեւաւորէ Հայաստանի վաղուան օրը, ինչպէ՞ս պիտի ուրուագծուի երկրի յառաջիկայ տարիներու հիմնական ուղղութիւնը: Առաջնահերթութիւններու պայքար:
Այժմու նախընտրական գործընթացը կ՚առանձնանայ իր ընդգրկումով եւ բազմազանութեամբ, մրցակցութիւնը կը բիւրեղանայ բազմաբեւեռ պատկերի մը վրայ, ուր ի յայտ կու գայ նաեւ լուրջ ճամբաբաժան մը:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւն, որ կու գայ շրջադարձային հանգրուան մը սահմանել միանշանակ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան վերարտադրուիլը կախեալ չէ միայն անոր վարչական կամ քաղաքական հնարաւորութիւններէն, այլեւ խորքային վերաբերմունքէ. ինչպիսի՞ ապագայ մը կը պատկերացնէ հասարակութիւնը:
Ըստ վերլուծաբաններու՝ արդիւնքը պիտի ըլլայ համադրութիւն մը՝ ներքին տրամադրութիւններու, կուսակցական ուժերու կազմակերպուածութեան եւ արտաքին դերակատարներու ազդեցութեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, վերջերս (26 մայիս) տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք, որուն մասնակցեցաւ շուրջ երկու հարիւր հոգեւորական:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Շուտով, շա՛տ շուտով պիտի աւարտին երեք ամիսէ ի վեր մեր «հայրենիքին» մէջ ընթացող արշաւները. ընտրարշաւ, քարոզարշաւ, յաղթարշաւ, ինչպիսի արշաւ, որ կը նախընտրէք այլեւս:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայիս ամիսը «մայրերու ամիս» հռչակելու պատմական, դիցաբանական եւ կրօնական արմատները բաւական խոր են, ուր կը միախառնուին հեթանոսական աւանդութիւնները, քրիստոնէական ջերմեռանդութիւնն ու բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշները։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

1922 թուականին նկարահանուած «Häxan» (Վհուկներ) ժապաւէնը, որու հեղինակն ու բեմադրիչն է Պենիամին Քրիսթենսէն, այսօրուան դիտողին համար կրնայ առաջին հայեացքով թուիլ հին, պարզ ու նոյնիսկ թեթեւ ազդեցիկ՝ նկատի ունենալով մեր օրերու բարձրորակ տեսողական ազդեցութիւնները, թուային էֆեքթները եւ գերիրապաշտ սարսափի լեզուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդաբանական եւ մշակութային փոփոխութիւնները այսօր կ՚ազդեն կեանքին բոլոր երեւոյթներուն վրայ եւ վերլուծողական եւ զանազանեալ մերձեցում մը կը պահանջեն։ Հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի ուսուցումին, ներկայ ժամանակներու ընտանիքի իրավիճակը պէտք է սեւեռել իր ամբողջ բարդութեամբ, իր լոյսերով եւ իր ստուերներով։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հասակ առնող նոր սերունդը պարտի հայրենասիրութեան ոգիով մեծնալ՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան պարագային, սակայն, պէտք է ի սկզբանէ յստակ ըլլայ, թէ ի՛նչ ըսել է «հայրենասիրութիւն»։ Այս մէկը կը կարեւորենք, որովհետեւ շատ շատերու համար հայրենասիրութիւնը նման տեսք ունի. սփիւռքահայ երիտասարդ մը, հայրենասիրական երգեր սորվելով առիթով մը հպարտութեամբ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենար. «Ես եթէ երգեմ... թշնամին կ՚ոչնչանայ»։

Էջեր