Արխիւ
Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան նախագահ Ֆաթիհ Պիրոլ յայտարարեց, որ այսօր աշխարհ կը բախի խոշոր ուժանիւթի եւ տնտեսական մարտահրաւէրի։ «Reuters»ի հաղորդումներով, ան դիտել տուաւ, որ երկրագունդը կ՚առերեսուի պատմութեան ամենամեծ ուժանիւթի տագնապին։
Մատենադարանի համալիրէն ներս, իր տեսակին մէջ 15-րդ՝ արդէն յոբելենական միջազգային սեմինար մը:
Ձառագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման ուղղեալ նորագոյն փորձագիտութիւնները:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Աշոտ Սաղեան յայտարարեց. «Պատկերացուցէք՝ Ատրպէյճան, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն ընդամէնը միայն մէկ ակադեմիկոս ունէր, այսօր Scopus-ի համակարգին ներառուած է տասնութ ամսագրով»։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու փոխադարձ այցերը ունին պատմական նշանակութիւն:
Փաշինեանի խօսքով՝ Երեւան եւ Պաքու չեն քննարկեր փախստականներու վերադարձի հարցը, որ ունի գայթակղեցուցիչ բնոյթ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
23 ապրիլ 2026-ին, Երեւանի մէջ դարձեալ ականատես դարձանք թրքական դրօշակը այրելու «սխրագործութեան»: Արարք մը, որ խօսուն վկայութիւն մըն է մեր բոպիկութեան եւ տհասութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր պատմութեան ամենէն մռայլ հանգրուաններուն հայ ժողովուրդը միայն ողբերգութիւններով չէ, որ պատասխանած է ճակատագրին։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ Հերթական համագումարի դիւանը գլխաւորեց Առէն Տատըրօղլու։
Երէկ, Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ բացառիկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, մայրաքաղաքի սրտին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ շուրջպար մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը:
Երէկ, դէպի Վիեննա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդունուեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Սթոքըրի կողմէ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ուղղեալ բանակցութիւններու 13-րդ փուլը ունեցաւ յաջող արդիւնք:
Փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆայեւ կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերու շուրջ: Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ըմբռնում գոյացած է յառաջիկայ ընթացակարգին մասին, որու վերաբերեալ փաստաթուղթերու բովանդակութիւնները պատրաստ են ու կառավարութիւններուն պիտի ներկայացուին՝ հաստատման համար:
Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ իր անմոռանալի սաներէն՝ աշխարհահռչակ անմահ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած լուսանկարչութեան աւանդական մրցոյթը: Իր նմաններու շարքին տասնչորրորդն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր՝ մասնակցութեամբ շուրջ տասնհինգ վարժարանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական իւրաքանչիւր ծէս եւ արարողութիւն առիթներ են հաւատացեալներուն՝ յիշել եւ պատրա՛ստ ըլլալ կեանքի պայքարին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խաչատուր Աբովեանի այս խօսքերը գրուած են աւելի քան մէկ ու կէս դար առաջ… «Լեզուդ փոխի՛ր, հաւատդ ուրացի՛ր, էլ ընչո՞վ կարես ասիլ, թէ ո՞ր ազգիցն ես», գրուած է ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ ուր հայը հայ էր թէ՛ հաւատքով եւ թէ՛ լեզուով։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ներկայացուցիչները՝ Զէյնէփ Թաշքընն ու Հերմինէ Սայեանը:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Եոզղատահայոց նորաստեղծ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը, Յակոբ Թորոսօղլուն եւ Մելքոն Սահակօղլուն:
Շաբաթավերջին պոլսահայ սանուց միութիւններու միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի մրցոյթը արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Միջմիութենական ճատրակի մրցոյթը այս տարի արդէն 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։
Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը, որ պետական այցելութիւն մը կու տայ Ուաշինկթըն, երէկ, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ։
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար ու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան շփումներ ունեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ։ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջին տարիներուն համագործակցութիւնը կը զարգանայ պաշտպանական բնագաւառէն ներս։
Եւրոպայի երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու կարեւոր հաւաքը:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ փոխադրութեան ուղիներու ցանցերու ներգրաւման ուղղեալ քայլերուն, հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու զարգացման գործընթացներուն՝ ներառեալ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան հաստատութենականացման առանցքով: Բարձրաստիճան դիւանագէտները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու շուրջ: