ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՓԱՐԻԶ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ
Երէկ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը ստորագրուեցաւ։ Փաստաթուղթի մէջ կարեւոր շեշտադրումներ գոյութիւն ունին՝ արհեստական բանականութեան եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտներու մէջ, Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ. «Կառուցելով ապագան. միասնութիւն եւ կայունութիւն Եւրոպայէ ներս»:
Անգարա եւ Երեւան փոխըմբռնման արձանագրութիւն մը ստորագրեցին՝ Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերանորոգման համար:
Երեւանի մէջ այսօր տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն առաջին գագաթաժողովը։ Կողմերու յարաբերութիւններու խորացման տեսակէտէ առանձնայատուկ նշանակութեամբ իրադարձութիւն մըն է այս մէկը։ Հայաստան-ԵՄ առաջին գագաթաժողովը կը յաջորդէ՝ նոյնպէս երէկ, նոյնպէս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին։
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Եւրոպական տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուին այս գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։
«Tiyatrocu Olmak Mı Olmamak Mı?» շահեկան գրքին շնորհանդէսը փայլուն յաջողութեամբ պսակուած:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Արշիլ Կորքի. Նիւ Եորք-Երեւան. նոր ձեռքբերում» եզակի ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ծաւալուած բանակցութիւններու վերաբերեալ հարցեր։