Լրահոս

ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հանդիպում մը ունեցան Փեքինի մէջ։ Միջազգային լրահոսին մէջ լայն ուշադրութեան արժանացաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան Փեքին-Թեհրան օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԱՆԳԱՌ

Եւրոպայի ժառանգութեան օրերու շրջանակներէն ներս ուշագրաւ ծրագիր մը՝ հայկական միջավայրի մէջ: «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» ցուցահանդէսը 19-րդ անգամ կը կրկնուի՝ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ:

ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԼԻՃԸ ՄԱՔՐՈՒԵՑԱՒ՝ ՃԱՅԵՐՈՒ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Երեւանեան լիճը վերջերս ենթարկուեցաւ ընդհանուր մաքրութեան։ Երեւանի քաղաքապետարանը կեանքի կոչեցայս ծրագիրը, որով մայրաքաղաքի յատկանշական այս հատուածէն ներս կատարուեցաւ ծաւալուն աշխատանք։

Էջեր