ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ, ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ԿԱՐՍ-ԿԻՒՄՐԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄՆ ՈՒ ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՈՒՄԸ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ, երէկ, երկու երկիրներու միջեւ տեղի ունեցան բանակցութիւններ՝ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերականգնման ու գործարկման նպատակով։
Եւրոպայի երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու կարեւոր հաւաքը:
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար ու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան շփումներ ունեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ։ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջին տարիներուն համագործակցութիւնը կը զարգանայ պաշտպանական բնագաւառէն ներս։
Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը, որ պետական այցելութիւն մը կու տայ Ուաշինկթըն, երէկ, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ։
«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Արատի (1913-1990) մասին գիրք մը, որու հեղինակն է արուեստաբան Ինճի Այտըն։
Փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան. «TRIPP-ը չի սահմանափակուիր միայն Ատրպէյճանի բուն մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ ապահովելով»:
Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին տեսակցեցաւ Ապպաս Արաղչիի հետ՝ իր կողքին ունենալով արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքովը։
Երէկ, Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ընդունեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Սառա Մէօլին։ Այս ձեւաչափով հանդիպում մը վերջին անգամ տեղի ունեցած էր վաթսուն տարի առաջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ այս օրերուն կը հիւրընկալեն Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորն ու Քամիլլա թագուհին, որոնք պետական այցելութեամբ կը գտնուին Ուաշինկթընի մէջ։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ