ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ. ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ՇԱՏ ՀԱՐՈՒՍՏ Է ՈՒ ՄԻՇՏ ԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵԼԻ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՀԱՐՑԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ռուսաստանի մէջ աթոմային արդիւնաբերութեան սկիզբին 80-ամեակին առթիւ կազմակերպուած «Համաշխարհային աթոմային ուժանիւթի շաբթուան» շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ եռակողմանի կարճատեւ շփումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Պատրիարքը այս շրջանին Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի՝ «Թեմփըլթըն» հիմնարկին կողմէ պարգեւատրուած ըլլալով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը մասնակցի «Համաշխարհային աթոմային շաբաթ» խորագրեալ համաժողովին։
Նախագահներ Էրտողան եւ Մաքրոն հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը գտնուին ՄԱԿ-ի նոր՝ 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլին առթիւ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Դռնփակ հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ալ որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները մեղաւոր ճանչցան Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանը:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։
Հայաստանի Սեն Փեթերսպուրկի հիւպատոսարանին մէջ մահացած գտնուեցաւ Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով նախկին ներկայացուցիչ Պորիս Աւագեան։