Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկրի վրայ երկնային կեանք ապրիլ՝ դժուար բայց երանելի՜ կեանք մը ահաւասիկ։ Երկնայինը ապրիլ երկրի վրայ կարելի է միայն անդրադառնալով հոգւոր կեանքի արժէքին եւ կարեւորութեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երէկուան մեր յօդուածով խօսեցանք հայ կնոջ անցեալի կերպարին մասին, իսկ այսօր որպէս նիւթ ունինք հայ կնոջ մերօրեայ կերպարը՝ իր դրական ու բացասական կողմերով: Ի տարբերութիւն անցեալին, այսօր հայ կինը կրթուած է ու բարձրագոյն կրթութիւն ունի, ինչ որ իրենց տուած է ազատութիւն՝ մանաւանդ հին ամուսնական բռնատիրութենէն: 

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախընթաց օր նախագահեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Օրակարգի վրայ են՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի գումարման ու կազմակերպման վերաբերեալ աշխատանքները:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յովէլի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «…Ես շուտով ձեր հատուցումը տագնապով ձեր գլուխին կը բերեմ այն բանին փոխարէն, որ Իմ արծաթս եւ ոսկին առիք, Իմ ընտիր-ընտիր ու գեղեցիկ անօթները տարիք ձեր մեհեանները ու Յուդայի երկրի եւ Երուսաղէմի որդիները ծախեցիք յոյներուն, որպէսզի զանոնք հեռացնէք իրենց սահմաններէն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթը կը շարունակուի ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մրցոյթի արդէն երրորդ փուլը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահի տանտիրութեամբ ընթրիքին:
Էրտողան եւ Նորին Ամենապատուութիւնը ձեռնուեցան՝ այլ բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներու հրաւիրուած երեկոյթի ժամանակ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026

Փաշինեան եւ Մաքրոն կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ:
Հայաստան-Ֆրանսա քննարկումներու օրակարգէն անպակաս՝ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան ծալքերը:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ մը: Սուրբ Աթոռը այս առթիւ պարզաբանումներ հաղորդեց՝ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան նախկին անդամներէն հայր Էմմանուէլ վարդապետ Աթաճանեանի արարքներուն կապակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հանդէս եկաւ կոչով մը՝ ուղղեալ Կիլիկեան Աթոռի Միջին Արեւելքի թեմերու ժողովուրդին: Նորին Սրբութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած պատերազմին: 

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդիկ գիտութեան վարկածներէն մեկնելով, շատ յաճախ կը պնդեն, թէ աշխարհը ո՛չ թէ Աստուած ստեղծած է, այլ՝ պայթումի մը հետեւանքով գոյացած է եւ նման անհիմն փաստարկներ յառաջ կը բերեն:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

Անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանը հետզհետէ ուշադրութեան կ՚արժանանայ հայ իրականութենէն ներս: Ականաւոր լեզուաբան ու բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի տարեդարձի օրը՝ մարտի 8-ին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այց մը տուաւ Հրաչեայ Աճառեանի շիրմին, որ կը գտնուի Երեւանի «Թոխմախ» քաղաքային գերեզմանատան մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

Երեւան կոչ կ՚ուղղէ՝ տարածաշրջանի խնդիրներու լուծումը ժամ առաջ պատերազմէն վերադարձնել դիւանագիտական հուն:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մեկնի Սթրազպուրկ:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

ՆՈՐԻՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ
ՏԻԱՐ ՄԱՐԹԻՆ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ՝
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ

Ձերդ գերազանցութիւն, յարգելի պրն. Գալստեան, սիրելի Մարթին,
Գոհունակութեամբ վերահասու եղանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին ձօնուած յուշադրամ մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 5 մարտ 2026 թուակիր համարով անդրադարձած է այս իրադարձութեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է ժամանակաւոր ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած նշանաւոր պատմաբան, գրականագէտ, ազգագրագէտ եւ թանգարանային գործի նուիրեալ Երուանդ Շահազիզի ծննդեան 170-ամեակին։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5. Քրիստոսի եղբայր չունենալը վաւերացուած է. այն է՝ հրեաներուն «Մարիամի որդիներ» ըսածը, Կղէոպասի կին Մարիամի որդիներուն համար ըսուած ըլլալը կասկածողներէն շատերն ալ գիտեն. Աւետարանն ալ յայտնած է.

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցին ունի իւրայատուկ պատուիրաններ՝ որոնք իրենց տեղը կը գրաւեն հոգեւոր-բարոյական կեանքի ուղեգծով, որ կապուած է ծիսական կեանքին եւ անով կը սնանի։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կիրակի օր Մարտի 8-ն էր՝ Միջազգային կանանց օրը։ Այնպէս ինչպէս աշխարհը, նոյնպէս հայ ժողովուրդը բաւականին ուշ անդրադարձաւ, որ հայ կինը հասարակութեան համար կարեւոր է այնքա՛ն՝ ինչքան հայ տղամարդը։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

Շաբաթավերջին, համայնքային շրջանակները ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի, որու անժամանակ մահը իսկապէս ցնցում յառաջացուց պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

Գարակէօզեան տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մտախաղերը շաբաթավերջին համայնքային կեանքէ ներս արժանացան անմիջական ուշադրութեան: Միջմիութենական այս ձեռնարկը 14-րդն էր իր նմաններու շարքին:

Էջեր