Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի մէջ շաբաթավերջին զանգուածային ծեծկռտուք մը տեղի ունեցաւ ատրպէյճանցիներու եւ քիւրտերու միջեւ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս մասին մանրամասնութիւններ տեղեկացուց՝ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը։ Սա այս կուսակցութեան երրորդ համագումարն էր, որ տեղի ունեցաւ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ խախտումով ծնունդ առած տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս կապակցութեամբ կը շարունակեն պարբերական յայտարարութիւններով հանդէս գալ եւ վերջին մանրամասնութիւնները տեղեկացնել իրադրութեան կապակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 560-ամեակը։ Ինչպէս ծանօթ է, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին կը նշուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Յաճախ կը խօսինք հոգեկան առողջութեան մասին։ Երբ մեր հոգւոյ «դիմադրունակութեան համակարգը» ամուր է, «մորմոքներէ» պաշտպանուելով կրնանք առողջ մնալ։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ուրախալի երեւոյթ է, որ հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, զանազան ասպարէզներու մէջ հայեր միջազգային մակարդակով յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն: Նորարարութիւններու հետ քայլ պահելը, անոնցմէ քայլ մը առջեւ անցնիլն ալ կենսական է մեր ընդհանուր պայքարին մէջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

ՍԵԴԱ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Առնօ Բաբաջանեանը զուարթ եւ կենսուրախ բնաւորութեան տէր մարդ էր եւ անոր արտաքին տեսքը այնպիսին էր, որ կը թուար, թէ հոգեկան անսպառ շռայլութիւն ունեցող այդ նրբազգած խորաթափանց քնարերգակը թաղուած է կեանքի մշտական խրախճանքի մէջ: Իսկ անոր ստեղծագործութեան խորքին միշտ փայլատակած էր մեղեդիներու թափանցիկ կապոյտը:

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հակառակ իր թերացումներով երկրին պատճառած աղէտին, Նիկոլ Փաշինեան կը մնայ պնդաճակատ՝ ամէն միջոցով իր իշխանութիւնը վերարտադրելու համար:
Ենոքեան. «Սիւնիքի հարցը հիմա Հայաստանի անվտանգութեան լրջագոյն նիւթն է։ Նոյնիսկ կարծիքներ կան, թէ արտահերթ ընտրութեան ամբողջ իմաստն է՝ Ատրպէյճանին ժամանակ տալ»:

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Անցնող ամսուան գրեթէ աւարտին բացառիկ առիթը ունեցայ այցելելու արխիւատունը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ պարզապէս աչքէ անցընելու յետեղեռնեան շրջանի սփիւռքահայ գրականութեան ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ արխիւային հարուստ նիւթերը, որոնց մէջէն զիս ամենաշատ հետաքրքրողը անոր նամակներն էին:

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցը զուգադիպեցաւ՝ Հայաստանի սահմաններու Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ խախտումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կարեւոր ճանապարհ անցած, մեծ փորձառութեամբ պետական-քաղաքական գործիչի մը խորհուրդները:
Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, Հայ ազգային քոնկրէսը առկայ բարդ ժամանակներուն կը ձգտի իրեն համար տեղ ապահովել Հայաստանի ապագայ՝ արդէն իսկ «խճճուած» խորհրդարանի երդիքին տակ:

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

​Եթէ մինչեւ հիմա, մօտիկ բարեկամներով մտերմիկ եւ անկեղծ մեր հանդիպումներուն, իբրեւ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթ կամ վէճ եւ աւելին՝ կարծիքներու փոխանակումները կեդրոնացած կ՚ըլլային մեր հայրենիքի ներկայ խառնակ իրադարձութիւններու ու մանաւանդ անցեալ տարուան վերջերուն տեղի ունեցած Արցախի պատերազմի ու անոր աղէտալի արդիւնքներուն եւ հայրենի երկրի ներկայ իրավիճակին մասին, բայց այս անգամ, հոսքին հունը հիմնովին փոխուելով, ինքնաբերաբար տարբեր «գոյն-ձեւ» ստացաւ:

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Հրեայ ժողովուրդը սպասելու փոխարէն նախընտրեց իրեն համար ոսկեայ հորթ մը շինել, ինչ բանի եւ այլ պատճառներու հետեւանքով ոսկեայ հորթի սերունդը ամբողջութեամբ կոտորուեցաւ եւ խոստացուած երկիր չհասաւ:

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ Հայ ազգային քոնկրէսի անունով հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Անցեալ տարուայ նոյեմբերին գրած էի, որ հիմա նոյնիսկ չորրորդ դասարանի աշակերտը կը հասկնայ, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը յարձակին Սիւնիքի վրայ։ Անմիջապէս պարզուեցաւ, որ կը սխալէի. բազմաթիւ հասուն մարդիկ ինձ կ՚առարկէին, որ նման բան տեղի չ՚ունենար՝ մենք ՀԱՊԿ-ի անդամ ենք, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի դէմ ոտնձգութիւնը կը նշանակէ Ռուսաստանի դէմ ոտնձգութիւն եւ այլն։

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լրագրող Արա Մարտիրոսեան, որ միեւնոյն ժամանակ տնտեսական մեկնաբան մըն էր։ 51 տարեկան հասակին ան երէկ առաւօտ անժամանակ աչքերը փակեց կեանքին՝ զոհ երթալով քորոնաժահրի համաճարակին։

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021

Փրոֆ. Սօսի Անթիքաճեան ծաւալուն եւ մեծարժէք աշխատանքով մը թրքերէնի թարգմանած է Զահրատի աւելի քան հարիւր բանաստեղծութիւնները:
Յայտնի գրականագէտին կողմէ մեծ բանաստեղծի ութ գիրքերու հիման վրայ պատրաստուած հատընտիրը կը կոչուի «Ben O Çiçek Açmış Erik Ağacıyım»:

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021

Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի սահմաններէն ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերը արձանագրած են որոշ յառաջխաղացում։ 12 մայիսէն ի վեր ծագած տագնապը կու գայ վերահաստատել այն կանխատեսումները, ըստ որոնց յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստանի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Նուարդ Աւետիքօղլուի երաժշտական աշխարհէ ներս արձանագրած վերելքը այս շրջանին իրերայաջորդ ձեւով արձագանգ կը գտնէ հայկական զանազան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Այսպէս, վերջերս Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը դրուատալից յօդուածով մը անդրադարձաւ Նուարդ Աւետիքօղլուի գործունէութեան։

Էջեր