Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

Գնալը կղզիի յունաց վանքի ամրան ճամբարին եւ մեր համայնքին միջեւ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած ողջունելի համագործակցութիւնը կը խորանայ բազում դրսեւորումներով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

Հայաստանի մէջ ամրան շրջանին տեղի կ՚ունենան զանազան մտային հարթակներու հաւաքներ, որոնց ընթացքին կը քննարկուին երկրի ու տարածաշրջանի հրատապ օրակարգի հարցեր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ իր երկիրը կը յուսայ, թէ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կը գիտակցին ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութեան խորացման պարագային իրավիճակի վատթարացման ռիսքերուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու հարցերով պետական նախարար Վարսէն Աղաբէկեանի հետ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յանկարծ, անախորժ աղմուկ մը մեր տան մթնոլորտը լեցուց: Եթէ կնոջս հարցնելու ըլլաք, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ ես էի այս մէկուն շարժառիթը: Հոգս չէր:

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովին տարածաշրջանային ծաւալուն արժեւորում:
Ըստ վերլուծաբաններու՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի օրակարգով Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը ձգտին ընդհանուր սահման ունենալ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լիբանանը օրերս հրաժեշտ տուաւ իր տաղանդաւոր զաւակներէն մէկուն՝ երաժիշտ, թատերագիր, գրող, փիլիսոփայ Զիատ Ռահպանիին՝ լիբանանցի առասպելական երգչուհի Ֆէյրուզի 69 տարեկան որդիին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցնող օրերուն ընտանիքիս հետ Երեւանի Օփերային թատրոնէն ներս ներկայ գտնուեցայ Վահան Արծրունի «ՄԱՇՏՈՑ * ԿՈՄԻՏԱՍ» համերգային ծրագիրին, որ կ՚ընդգրկէր «Մաշտոց. Սրբազան մարգարիտներ», Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շարականներու մեկնութիւն, եւ՝ «Կոմիտաս. Տասը յայտնութիւն». երգաշար՝ գրուած Կոմիտասի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ, բնականաբար, միշտ յաջող ըլլալ կ՚ուզէ իր աշխատութիւններուն որպէս արդիւնք։ Բայց, սա անուրանալի եւ անխուսափելի իրականութիւն մըն է, թէ՝ միշտ յաջողութեամբ չի վերջանար աշխատութիւնները, ինչպէս ցոյց կու տայ կեանքի փորձառութիւնը մեզի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Փորձէ զաւկիս ուժ տալ, որպէսզի չհետեւի ամբոխին՝ երբ բոլորը նոյնը կ՚ընեն». այս նախադասութեան մէջ կրնանք տեսնել հօր մը ունեցած յոյսն ու վստահութիւնը իր զաւկին հանդէպ, որովհետեւ շատերու այնպէս կը թուի, թէ ամբոխին հետեւիլը ապահով ըլլալու միջոց մըն է, սակայն Լինքըն չ՚ուզեր, որ իր զաւակը հետեւի այն գաղափարներուն պարզապէս այն պատճառով, որ բոլորը կը հետեւին.

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրիշ ժողովուրդներու նման՝ հայերն ալ, իրենց պատմութեան հետագայ փուլերուն, «Նոր տարի» հասկացողութիւնը, բնութեան շրջանակաձեւ հոլովոյթի կամ անոր կրկնման սկիզբը կապուած են բերքի հասունացման, բերքահաւաքի հետ եւ այն կը տեղափոխեն Աւելեաց ամիսէն (13-րդ՝ լրացուցիչ ամիս, որ կը սկսի օգոստոս 6-ին եւ կը վերջանայ օգոստոս 10-ին՝ 5 օր) անմիջապէս ետք՝ օգոստոսի 11-ը ըստ Յովհաննէս Սարկաւագի կազմած անշարժ տոմարի։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Սորվեցուր անոր հաւատալ իր գաղափարներուն, նոյնիսկ եթէ բոլորը ըսեն, որ սխալ են». վստահաբար Լինքըն այստեղ ըսել չ՚ուզեր, որ ան սխալ գաղափարներու կողմնակից թող ըլլայ, այլ կ՚ուզէ շեշտել, որ իր զաւակը քարացած ու հաստատուած գաղափարներու կոյր հետեւորդը չըլլայ, այլ ունենայ իր սեփական գաղափարները եւ հաւատայ անոնց.

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած բացօթեայ համերգ մը եկաւ համալրել շարքը այն ձեռնարկներուն, որոնք այս ամառ իրարու կը յաջորդեն՝ խոր տպաւորութիւն թողլով գեղարուեստասէրներուն վրայ եւ համախմբելով մայրաքաղաքի բնակիչներն ու զբօսաշրջիկները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, որ իր երկիրը պէտք է ամրապնդէ յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ։ Իր խօսքով՝ Թեհրան պէտք է անյապաղ ձեռնարկէ այդ քայլին, որովհետեւ տարածաշրջանէ ներս աւելի ամուր կապերը կրնան նպաստել Արեւմուտքի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու յաղթահարման։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ օրհնութեան կարգ՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի համահայկական տասներկրորդ մարզախաղերու մասնակից՝ շուրջ ութհարիւրյիսուն երիտասարդներ այցելեցին Մայր Աթոռ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյթ մը, որ կազմակերպուած էր Վարդավառի տօնին առթիւ։ «Ցնծա՛ հայ երաժշտութիւն» խորագրեալ համերգը համախմբեց հոծ թիւով կղզեբնակ երաժշտասէրներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը (ԹԱՀ-TEAP), որ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ կը գործէ, հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր այս առաւօտ հրապարակուեցաւ Գումգաբուի աղբիւրներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ARA KOÇUNYAN

Ermenistan Başbakanı Paşinyan’ın İstanbul ziyaretini bu köşede, ruhbanların tavrı ve ardından Amerika Birleşik Devletleri dönüşü Patrik Maşalyan’ın düzenlemiş olduğu basın toplantısındaki açıklamalar ekseninde ele aldık.

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ինչո՞ւ համար այս շփացածութիւնը: Կրօնքս ու ազգութիւնս ժառանգեցիր, եւ ընտրելու մէկ վայրկեան իսկ չդիմագրաւեցի: Եւ հիմա կը հարցնեմ ձեզի. ձեզմէ ո՞վ ընտրեց հրեայ ըլլալ…, ո՞վ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ մաքսատուրքերու հարցին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացաւ։ Առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումով Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ առ այժմ կանխուեցաւ մաքսի տագնապը։

Էջեր