Արխիւ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը երէկ երեկոյեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Գնալը կղզիի «Ճաշ» զբօսարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիսը։
Türkiye Ermenileri 85. Patrik Seçimi Müteşebbis Heyetimiz, boşalan Patriklik makamına yenisinin seçimi için kadim örf ve adetlerimiz dikkate alınarak Bakanlar Kurulunca karar altına alınan 18.09.1961 gün ve 5/1654 sayılı kararnameye dayalı ve İçişleri Bakanlığının 1990 ve 1998 yıllarına dair Patrik Seçimi Talimatnamelerindeki hükümlere uygun olarak seçim süreci ile ilgili çalışmalarına başlamıştır.
«Ո՛վ որ պիտի դառնայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը՝ իր ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի կամքով։ Մեր ծառայութեան, հոգեւոր սպասաւորութեան դաշտը կը հանդիսանան նոյնինքն մեր ժողովուրդի զաւակները։ Մենք չենք պարտաստուիր մեր համայնքի զաւակները դասաւորել կամ պիտակաւորել՝ որպէս մեր համակիրները կամ հակակիրները»:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան. «Մեր նոր սերունդը կարիք ունի խնամքի։ Երիտասարդութեան հանդէպ ցուցաբերուելիք հոգածութենէն կախում պիտի ունենայ մեր վաղուան օրը։ Անոր ժառանգելիք ընտրութիւնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը մեր հիմնական առաջնահերթութիւնները կը համարուին»:
Նորին Սրբազնութեան համոզմամբ, Պոլսոյ պատրիարքի արդար ընտրութեան նախապայմանն է մեր ժողովուրդի առաւել լայն համեմատութեամբ քուէարկութեան մասնակցիլը. «Մենք միշտ դիտարկած ենք, որ ան միշտ լաւագոյն լուծումները կը գտնէ իր հաւաքական մտքով, փորձառութեամբ ու դատողութեամբ»:
Կրօնական ժողովի ատենապետը կ՚ընդգծէ, որ վնասակար է անձնական ակնկալութիւններով, քարոզչական նպատակներով պետութիւնը ներքաշել ընտրական գործընթացին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչըրի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան անպաշտօն այցելութեամբ կը գտնուի Անգլիոյ մէջ
Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերու ներածումը կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անհանգստութեան պատճառ դառնալ։ Ուաշինկթըն ներկայիս Անգարայէն յամառօրէն կը պահանջէ այդ համակարգերը գործնական օգտագործման վիճակի չբերել։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը տեւեց աւելի քան 6 ժամ. ծանրաբեռնուած օրակարգ:
Թուրքիա ամենայն վճռակամութեամբ կը հետապնդէ Սուրիոյ տարածքին մէջ խաղաղութեան միջանցք մը ստեղծելու հարցը:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութենէն պաշտօնապէս պահանջուեցաւ կանոնադրութիւն: Դիմումը երէկ ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի ստորագրութեամբ:
Ժամկէտներ առաջարկուած են գործընթացը մինչեւ տարեվերջ տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար: Համայնքը այս օրերուն կը լուսաբանուի զեկոյցով մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս արտաքին տեսքով, երեւութապէս կը գնահատեն զիրար, արժէք կ՚ընծայեն միայն իրենց տեսած չափով եւ չեն թափանցեր խորը՝ ուր կայ ճշմարիտ մարդը՝ «ներքին մարդ»ը, իսկական արժէ՛քը։
Եւ ահաւասիկ օրինակ մը՝ ուր ցոյց կը տրուի թէ՝ մարդիկ ո՜րքան կը սխալին իրենց արտաքինով կատարած գնահատանքով եւ յետոյ երբ ճշմարտութիւնը յայտնուի, ի՛նչպէս կը փոխուին, կարծես նախկին սխալ գնահատումը իրենք կատարած չէին։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ շաբթուայ յօդուածով գրեցի Հայաստանէն 1990-ականներուն սկիզբ առած մեծ արտագաղթի ալիքի եւ անոր հիմնական պատճառներուն մասին։ Այս անգամ, ինչպէս խոստացած էի, պիտի ներկայացնեմ պատճառներն ու շարժառիթները, որոնք այդ ալիքի մէկ մասը բերին ու հասցուցին Պոլսոյ վոսփորեան ափեր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք մեկնած էին Ախալցխայէն եւ Սամցխէ-Ջաւախքէն։ Ուխտաւորներուն ուղեկցեցաւ Ախալցխայի հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Աբեղայ Սահակեան։
Պէյրութի Տիւրզի համայնքի հոգեւոր կեդրոնէն ներս կրօնապետներու հանդիպում:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը մասնակիցներուն փոխանցեց իր պատգամը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը ներկայիս լոյս ընծայած է նոր գործ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, հրատարակչութեան բաժինը Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսակէտէ կարեւոր կը նկատէ սկզբնաղբիւրի բնոյթով փաստաթուղթերու հրապարակումը՝ «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» մատենաշարի միջոցաւ։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն կ՚այցելէ Աւստրալիա։ Երէկ, Քամպերայի մէջ Մասիս Մայիլեան հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էրիք Ապեթսի հետ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ահաւասիկ եկաւ այն օրը, երբ Վարսիկի ու Կարոյի սիրող սրտերը Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի շղթայուին։ Զոյգը գեղեցիկ հայկական հարսանիք ունեցաւ։ Հրաւիր-ւած էին բոլոր ազգականները, ընկերներն ու բարեկամները։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հինգ մասերէ բաղկացած «Չեռնոպիլ» շարժանկարը կը շարունակէ ցնցել հեռատեսիլն ու համացանցը: Ընդամէնը վերջերս համաշխարհային առաջնախաղ ունեցող այս դիպաշարը իր դիտումներուն քանակով գերազանցած է «Գահերու խաղը», ամերիկեան հատուածային շարժանկարի դիտումներուն ցուցանիշները:
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Գումգաբու, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ զանազան ժամանակաշրջաններով Հայաստանի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած վեց զինուորներ, որոնք յառաջիկայ շրջանին դարմանման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ զինուորները պիտի ստանան անհրաժեշտ բուժում եւ վերջոյթներու փրոթեզ։
Հայկական արտադրութեան պահածոները աւելի քան տասն օրէ ի վեր վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյի նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ:
Նազար Հանչէր մեզի կը տեղեկացնէ.-
Հայաստանի մարմնամարզի ազգային հաւաքականը պարապումներու համար շաբաթավերջէն ի վեր կը գտնուի քաղաքիս մէջ։