Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Ումմանի ծոցին մէջ երկու նաւթատարներ երէկ ենթարկուեցան յարձակման:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը դէպքի պատասխանատուութիւնը կը վերագրէ Իրանին:

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Եւրոմիութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ հերթական նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ:
Եւրոպական կողմը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Անգարա-Երեւան փոխյարաբերութիւններու՝ առանց նախապայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է «Ազատ Օր» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Յովսէփ Պարազեան։ Ան շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր իր սպասաւորութիւնը բերած էր «Ազատ Օր» օրաթերթին։ Այդ ժամանակաշրջանին վարած էր նաեւ գլխաւոր խմբագրի պաշտօն, իսկ այդ պաշտօնը փոխանցելէ վերջ ալ կը շարունակէր իր աջակցութիւնը եւ նպաստը բերել թերթին։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Իվ լը Տրիանը։ Երկու նախարարները ծաւալուն բանակցութիւններ վարեցին Անգարա-Փարիզ համատեղ օրակարգի բազմակողմանի խնդիրներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով յունիսի 20-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ:
Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներով ստեղծուած իրավիճակը կը պայմանաւորէ հանդիպման օրակարգը:

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոգեւոր աւանդութիւնը շեշտը կը դնէ սրտին վրայ, որ սուրբ գրային իմաստով՝ «խորքն է էակին» (ԵՐԵՄ. ԼԱ 33)։ Հոն է որ մարդը կը վճռէ ըլլալ Աստուծոյ հետ կամ Աստուծոյ դէմ. այլ խօսքով՝ ըլլալ բարի եւ կամ չար։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Փըթ-փըթ կը թափին հասած թութի հատիկները:
Թթենիին լայնատարած ճիւղերուն յատակը՝ գետինը, ասֆալթին վրայ մի առ մի կ՚իյնան անոնք, կը հաւաքուին քով քովի, կտուրներուն խմբուած ծիծեռնակներուն նման:

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ու հնչեց զանգը, հնչեց,
Ու հնչեց վերջին անգամ՝ վերջին։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, ընդհանրապէս իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ի՛ր անձին, ի՛ր գործերուն «մեծութեան» եւ «կարեւորութեան» վրայ եւ ինքզինք «մեծ» կը համարէ։ Արդարեւ մեծ է ան իր մեծութեան սահմանին մէջ, բայց որքան պզտիկ իր մեծութիւնը՝ երբ համեմատութեան մէջ դնէ իրապէս մեծերու, իրական մեծութեան հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

ՆԻԶԱՐ ՔԱՊԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարեմ մը ունէի,
Որու մէջ աշխարհի գեղեցկուհիներն էին,

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

Երեւանի մէջ Մանուկներու պաշտպանութեան օրը պատրաստեցին Հայաստանի ամենէն երկար փիցցան, որուն երկարութիւնը 13 մեթր էր, լայնութիւնը՝ 65 սանթիմեթր: «Տորիա կարտա» ընկերութեան շուկայադրումի եւ վաճառքի բաժնի տնօրէն Սիրան Ապաճեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ այս չափանիշը հաւանաբար կ՚ընդգրկուի «Դիւցազնագիրքին մէջ»:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյենութիւնը կը սկսի 14 յուլիսին՝ Հայաստան-Սպանիա բացման մրցումով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

Գառնիի մէջ կայանալիք ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօնը պիտի նպաստէ միլիոնաւոր մարդոց տեղեկանալու այս յուշարձանի գոյութեան մասին։
Կառավարութիւնը թոյլ պիտի տայ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան «Պատմական մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին, 6 միլիոն դրամի շրջանակներու մէջ, «Triangulum Community» ընկերութեան հետ միատեղ «Գառնի» պատմական մշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքին կազմակերպել ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօն:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ ընտրուեցաւ մետրապոլիտ Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիս։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ գումարուած սինոդը միաձայնութեամբ զինքը ընտրած է այս պաշտօնին։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ հանդիպում մը ունեցան Կեպելէի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին ռազմական ոլորտէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ յոյս յայտնեցին, թէ համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի պիտի խորանայ ապագային։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

Իրաւական համակարգէ ներս բարեփոխումներու պատրաստութեան շրջանին ուշագրաւ վիճակ:
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան պաշտօնէն հրաժարեցաւ ուշագրաւ ժամկէտով մը:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

Հանրապետութեան նախագահը երէկ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի երեսփոխաններուն հետ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Ս-400 հրթիռները յաջորդ ամիս պիտի յանձնուին Թուրքիոյ, իսկ Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու համար հաշիւ պիտի պահանջուի:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Ոտքի երկու հարուած եւ ծափ - չկայ այսօր մէկը, որուն ծանօթ չըլլայ այս ռիթմն ու նախաբանը, եթէ ան նոյնիսկ Քուին խումբի սիրահար չէ։ Այս ռիթմով ու երգով կը սկսին այսօր գրեթէ բոլոր մարզական մրցաշարերը։ Հանդիսատեսը այդպէս կ՚արտայայտէ իր համակարանքը մարզիկին, կ՚ոգեւորէ զայն եւ հոգեբանօրէն կը ճնշէ հակառակորդը։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դպրոցական տարեշրջանի աւարտին՝ 29 մայիս-5 յունիս թուականներու միջեւ, Կեդրոնական վարժարանի քսանչորս անդամներէ բաղկացեալ խումբը՝ քսանմէկ աշակերտներու եւ վարժարանի երեք ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, ուղեւորուած էր Երեւան՝ մասնակցելու համար Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի յունիսեան նախագծային ուսուցման ուսումնական ճամբարին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019

Անթոնիօ Կութերես երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ նշանակեց Մովսէս Աբէլեանը:
Հայաստանէն դիւանագէտ մը առաջին անգամ կը հասնի նման կարեւոր դիրքի մը միջազգային համակարգէ ներս:

Էջեր