Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգէն ներս, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, Կլենտէյլի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Արա Նաճարեան, որ չորրորդ անգամ կը կոչուի այս պաշտօնին։ Նախընթաց օր երեկոյեան, Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդը ընտրեց Արա Նաճարեանը, որ քաղաքապետի պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Զարեհ Սինանեանին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը Աննա Յակոբեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսէն ներս։ Աննա Յակոբեան, որ կը գլխաւորէ «Իմ քայլը» եւ «City of Smile-Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձութիւնները, նախ այցելեց ԱՄՆ-ի քոնկրէսի գրադարանը, ուր ծանօթացաւ պատմութեան եւ ցուցանմոյշներուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Երեւան կը ձգտի կապերը զարգացնել Ատիս Ապապայի եւ ընդհանրապէս Ափրիկէի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ ընդունուեցաւ Եթովպիոյ նախագահին կողմէ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Դաշնակահարուհի Սվետլանա Նաւասարդեան երէկ փառաշուք երեկոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Արմէն Սարգսեան ընդգծեց մեծանուն արուեստագիտուհիի հսկայական ներդրումը համաշխարհային մշակոյթի ի նպաստ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Շաբաթավերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն վերջ Իսթանպուլի պարագան կը մնայ անորոշ։ Գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքին կապակցութեամբ պղտոր վիճակը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ երկրի օրակարգը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները դարձեալ կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնները երէկ փոխանակեցին վերջնագրային ոճով պատգամներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անանուն հեղինակի խօսքերով՝ իսկական նկարիչը երբեք չի տեսներ աշխարհը այնպէս, ինչպէս որ է, այլապէս ան նկարիչ չէր ըլլար…
Այսօրուան իմ զրուցակիցն է տաղանդաշատ նկարիչ Սայաթ Ուշաքլըկիլ. անձ մը, զոր կը սիրէ արուեստը ու կ՚ապրի նկարչութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Սուրբ Զատիկէն անմիջապէս վերջ, սուգի շրջանի աւարտին պիտի սկսի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը»:
Խորհրդակցական մարմնի երէկուան ժողովին ժամանակ յարմար նկատուեցաւ՝ այժմէն ձեռնարկել ընտրական ցուցակներու կատարելագործման նպատակով ջանքերուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ յայտնի արուեստագէտ ու հասարակական գործիչ Արա Շիրինեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովին կողմէ այս պաշտօնին համար կազմակերպուեցաւ մրցոյթ մը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը միջնորդութիւն խնդրեց, որպէսզի Ատրպէյճանի մէջ 20 տարի ազատազրկման դատապարտուած Կարէն Ղազարեան վերադարձուի ընտանիքին:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Լոս Անճելըսէն նախկին պոլսահայ յայտնի բարերար ու համայնքային գործիչը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Սարօ Մարուքեան անդրադարձաւ ամերիկահայ կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ քաղաքիս վերաբերեալ դիտարկումներուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջաբերականը մտահոգութեան պատճառ:
RUMVADER խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց՝ ընդգծելով ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Դարերէ ի վեր ժողովուրդները տգիտութեան զոհեր են. կը լռեն, կը հնազանդին. բայց օր մը կը մռնչեն անոր դէմ, եւ իրենց մարտիրոսութեամբը կը սրբեն անիրաւութիւններու եւ նախապաշարումներու հետքը, թէեւ անկարող ըլլան միահաղոյն արմատախիլ ընելու անիրաւութիւններն ու նախապաշարումները, որոնք շարունակ կը ծլին, եւ թէպէտ ոչ նոյն զօրութեամբ, սակայն բաւական ուժ ունին վերստին թունաւորելու եւ ապականելու ընկերութիւնը»։ Այսպէս կ՚ըսէ Սրբուհի Տիւսաբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ շաբթուայ սիւնակով գրած էի, որ Պոլսոյ մէջ հայերէնի օգտագործումը երբեմն ընկերային վերլուծութեան պատուհաններ կը բանայ դէպի ժամանակակից պոլսահայկական ինքնութիւն ու կեանք։
Բանն այն է, որ Պոլսոյ հայոց կողմէ հայերէնի օգտագործումը գրեթէ միշտ կացութենական է։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այսօր ժամանակները շատ փոխուած են։ 21-րդ դարը՝ գիւտարարութեան ժամանակաշրջանը, սրընթաց գնացքի մը պէս կ՚ընթանայ։ Մարդկութիւնը անդադար զարգացում ու յառաջընթաց կ՚ապրի, որու հետ միասին օր ըստ օրէ աշխարհի բնական պաշարները կաթիլ առ կաթիլ կը սպառին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գարակէօզեան Տան առաջին դասարանի փոքրիկները։ Իրենց այցելութիւնով շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ մեր յարկէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Միլիառներու ներդրումներով գրաւուած ապահովագրութեան շուկայ մուտք գործելու յանդգնութիւնը բոլորին տրուած չէ, նա՛մանաւանդ «փոքր»երուն, փոքր ձեռնարկութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Մեր համայնքի յայտնի ակադեմականներէն Սօսի Անթիքաճեանի յուշերու գիրքին շուրջ անցեալ շաբթուան մէջ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Պողազիչի համալսարանէն ներս։ Սօսի Անթիքաճեան արդէն շուրջ 37 տարիէ ի վեր կը դասախօսէ նոյն համալսարանի Արեւմտեան լեզուներու եւ գրականութիւններու բաժնէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն միջեւ հետզհետէ տագնապի մը կը վերածուի Ս-400 հրթիռային համակարգերու խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր որոշած է ռուսական այդ հակաօդային պաշտպանական համակարգը ձեռք բերել, իսկ ամերիկեան կողմը այս ուղղութեամբ յամառօրէն վերապահութիւն կը դրսեւորէ՝ պատճառաբանելով ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պարագան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Եթովպիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախատեսուած են Մնացականեանի հանդիպումները Եթովպիայի նախագահ Սահլէ-Որկ Զեւտէի, Արտաքին գործոց պետական նախարար Թեքլէ Ռիքէի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ։

Էջեր