Արխիւ
Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Մեհմէտ Կէօրմէզ կոչուեցաւ հանգստեան։ Ան համապատասխան պահանջով աղերսագիր մը ուղարկած էր վարչապետարան եւ այդ հիման վրայ բաւարարուեցաւ իր պահանջը։ Մեհմէտ Կէօրմէզի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Կրօնական գործոց բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Էքրէմ Քելէշին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ռուսաստան թէեւ դաշնակից է, սակայն անվտանգութեան հարցերու մէջ երկիրը առաջին հերթին յոյսը պէտք է դնէ իր վրայ։
Ուաշինկթըն հետեւողականօրէն կը զինէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերը Սուրիոյ մէջ՝ մեծ բեռնատարերու միջոցաւ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ ԱՄՆ-ի սխալ նախընտրութիւններուն դէմ՝ ի նպաստ ահաբեկիչներու:
Մտահոգիչ լարուածութեան ժամանակաշրջան. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-ի դէմ սպառնալիք կը համարէ Ռուսաստանը:
Փոխ-նախագահ Մայք Փենս Էսթոնիոյ եւ Վրաստանի վերջին օրերու շփումներուն ընթացքին ասպարէզ կարդաց Մոսկուայի դէմ՝ զօրակցելով Արեւելեան Եւրոպայի դաշնակիցներուն:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին եզրափակուեցան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծաւալուն աշխատանքները:
Վերջին հինգ տարուան ընթացքին այս ծրագրին մասնակցութիւն բերին շուրջ 1450 կրթական մշակներ եւ գործիչներ:
Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի «Օրակարգէ դուրս» հաղորդաշարի ընթացքին ուշագրաւ եւ զգայացունց յայտարարութիւններ:
Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի խօսքերով՝ եթէ Ատրպէյճան նոր յարձակումի մը անցնի, ապա պիտի ընդլայնուին Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայքի անվտանգութեան գօտիի լայնութիւնն ու խորութիւնը եւ պիտի վերականգնուին անցեալ տարի իր հսկողութեան տակ անցած սահմանափակ յենակէտերը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ատրպատականի Թեմէն ներս վերջերս կեանքի կոչուած է հրատարակչութեան կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի հեղինակութեամբ հրատարակուած է՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմէն ներս հայկական յուշարձաններու հետքերով» գիրքը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հայ-իրանական համատեղ հանդիպում-քննարկում:
Բոլոր դաւանանքները կը պարտաւորեցնեն՝ պահպանել Աստուծոյ արարչագործութիւնները:
Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ երէկ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր արտասահմանի մէջ, շաբաթավերջին վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս հաղորդած էինք, նորին սրբազնութիւնը Եւրոպա մեկնած էր՝ այցելելու համար իր հարազատներուն։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Պրէնթ Ֆրանքլին՝ Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին մօտերը ունի շինարարական ընկերութիւն մը, ուր մէկ տարիէ կ՚աշխատի 17-ամեայ Մարք Անթհընի Տոյլը։ Այս տարուայ ամրան՝ գործատէրը կը հրաւիրէ գործաւորը, որպէսզի բնակի իր մօտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քննադատութիւնը որքան որ անհաճոյ երեւի, անհրաժեշտ պայմաններէն մէկն է յառաջդիմութեան։ Ըսենք, անիկա մղիչ ուժ մը, գրգիռ մը, գործօն մըն է մարդկային կեանքին բարեփոխութեան՝ թէ՛ անհատապէս, եւ թէ՛ հաւաքաբար՝ դէպի լաւը, դէպի կատարեալը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդարանի Խրիմեան ճեմարանի ընտանիքը, Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, մեծ խանդավառութեամբ նշեց ճեմարանի 30-ամեակը՝ այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) համացանցային համալսարանը կը շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել հայերէնի ուսուցման հարցը։ ՀԲԸՄ-ի համացանցային համալսարանը վերջերս «e-Hangouts» համակարգին վրայ ստեղծած է հայերէնի գործածութեան յարմարութիւն։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Միջազգային բանակային խաղերուն»։ 28 երկիրներէ չորս հազար զինուորականներ մասնակցեցան այս խաղերուն, որոնք տեղի կ՚ունենան երրորդ անգամ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենս ներկայիս շրջայց մը կ՚իրականացնէ դէպի Էսթոնիա, Վրաստան եւ Քարատաղ։ Մայք Փենսի ուղեւորութեան առաջին կանգառն էր Էսթոնիան, ուր ան շփումներ ունեցաւ շաբաթավերջին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Թանկարժէք ու իմաստալից խօսքերը պատմութեան փոշիին տակ երբեք չեն թաղուած եւ ոչ ալ հնութեան պատմուճանը հագուելով՝ արժեզրկուած ու ժամանակավրէպ դարձած են։ Շատե՜ր փորձած են լռեցնել ու լուսանցքայնացնել զանոնք, սակայն անլեզու ըլլալով հանդերձ՝ անոնք դարձած են մշտաբարբառ եւ շնչատու ոսկեղնիկ ասոյթներ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Ի՞նչ մնաց. Կեանքէն ինծի ինչ մնաց
Ինչ որ տուի ուրիշին տարօրինակ այն միայն»
Վ. Թէքէեան
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Թարգմանաբար կը ներկայացնենք «Լ՚Օրիան Լը Ժուր»ի պատրաստած Այնճարի մասին յօդուածը:
Երկրորդ տարին ըլլալով՝ «Լ՚Օրիան Լը Ժուր»ի ընթերցողները Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ պիտի քուէարկեն ի նպաստ «լիբանանցիներուն նախասիրած գիւղի»ն
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ «Հիզպուլլահ»ի զինեալները կը շարունակէին իրենց յառաջխաղացքը Արսէլ աւանի լեռնային հատուածներուն ուղղութեամբ, Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի Սպիտակ տան մէջ (25 Յուլիս) կը հանդիպէր ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: