Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այն ինչ որ «ճակատագիր» կ՚ըսուի, ստեղծագործութեամբ հաստատուած աստուածային «ծրագիր»ի մը մասն է, որ իւրաքանչիւր անհատի «դեր» մը, կամ պարտականութիւն մը կու տայ, որպէսզի ստեղծագործութիւնը հասնի իր նպատակին եւ «ծրագիր»ը անթերի կերպով կատարուի։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, արարչագործութիւնը տակաւին կը շարունակէ մինչեւ որ իր վախճանին հասնի, ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականանայ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գեղեցիկ ու շքեղ հագուած կին մը մօտեցաւ գետնանցումի սանդուխներուն տակ նստած՝ հաւկիթ ծախող ծերունիի մը ու հարցուց.
-Հաւկիթները ի՞նչ կ՚արժեն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տարին Կոմիտասեան է. մեծ երաժիշտին, արուեստագէտին ծննդեան 150-ամեակին առթիւ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ «Կոմիտասի գրիչի խաղերը» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է:
Այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Կոմիտասը իբրեւ գծանկարիչ, որուն գծած պատկերները, շարժերը բացայայտումներ կ՚ընեն Կոմիտասի բնաւորութեան մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութեան յաջորդող յիսուն օրերը, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը սահմանած ու կոչած են Յինանց կամ Յինունք անունով: Այս շրջանին, Եկեղեցին ամէն օր կը տօնախմբէ իր Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «3x3» ֆութսալի մրցաշարքը, որ ձօնուած էր Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ «Րէիս» ծածկանունով Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեան եղած էր ակումբի անմոռանալիներէն։
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան, Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան եւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Իսթանպուլի Մարզական տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքէն փայլուն յաջողութեամբ դուրս եկաւ Էսաեան վարժարանի խումբը։ Լարա Սալպանօղլու, Մարէն Նալճը եւ Մելիս Պուլկուր այս մրցաշարքին մէջ ներկայացուցին Էսաեանը եւ նուաճեցին առաջնութիւն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Դիտարկումներ՝ Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած տօնական ընդունելութենէն:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Աղօթենք ո՛չ միայն մեր անձին, այլ նաեւ մեր հարեւանին ու բարեկամին համար»:
Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ տեղի ունեցան վերյիշման արարողութիւններ: Ֆրանսայի մէջ «Ազգային օր» էր: Տանըլտ Թրամփի պատգամի շեշտադրումները անփոփոխ:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Բոլոր անոնք, որոնք Հայկական հարցի վրայով կ՚ուզեն մարդու իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան դաս տալ Թուրքիոյ, ունին արիւնալի անցեալ մը»:Ապրիլի 24-ի առթիւ Հայոց սուրբ նահատակները երէկ ոգեկոչուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց պատգամ մը, որու բովանդակութեան մէջ 1915-ի դէպքերուն անդրադարձաւ որպէս Մեծ եղեռն։ Ամերիկայի զանազան կազմակերպութիւններ այդ նախըտրութեան համար բողոք յայտնեցին Թրամփի դէմ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Հոգիին շնորհքը կարողութիւն ունի մարդս արդարացնելու, այսինքն զայն մաքրելու իր մեղքերէն եւ իրեն հաղորդելու «Յիսուս Քրիստոսի հաւատքովը՝ Աստուծոյ արդարութիւնը» (ՀՌՈՄ. Գ 22) եւ Մկրտութեամբ. (ՀՌՈՄ. Զ 3-4)։ Զօրութեամբ Սուրբ Հոգիին, մարդիկ իրենց բաժինը կը բերեն Քրիստոսի չարչարանքին, մեռնելով մեղքին համար, իրենց բաժինը կը բերեն նաեւ Անոր Յարութեան՝ ծնելով «Նոր կեանք»ի մը համար։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ցատկելով մեքենաշարժ նաւուն վրայ, պիտի բարձրանայի վերի յարկ, եթէ օրը արեւոտ էր։ Ուղղութիւնս դէպի Պոլսոյ Ասիական ափը պիտի ըլլար։ Սպիտակ պոչ մը թողելով իր ետին, նաւը պիտի հատէր կապոյտը Վոսփորին։ Տասնհինգ-քսան վայրկեան ետք պիտի իջնէի Սկիւտարի ափը, անմիջապէս զգալով, որ եկած եմ Արեւելք։
Տեսակցեցաւ՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գարնանային տաք ու անձրեւոտ օր մըն էր, երբ տարիներ առաջ ոտքերս զիս ակամայ եկեղեցի տարին, ուր ես աստիճանաբար սկսայ ճանչնալ Բարձրեալը։ Այդ խորհրդաւոր օրուընէ ի վեր կարծես հոգւոյս վրայ հոգեպարար անդորր մը իջաւ, անսահման երջանիկ էի, որ կրցայ մօտենալ ու զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը, տարբերակել ճիշդը սխալէն, լաւը վատէն, յետագային՝ պարզ ու յստակ գծել իմ կեանքի ուղին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Աթոռին տրուած շնորհաւորական այցելութիւնները։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ փութացած էր մեր համայնքին Ս. Զատիկը շնորհաւորելու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Դիտարկումներ՝ Սուրբ Զատկի տաղաւարին առթիւ Գումգաբուի Պէզճեան սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած տօնական աւանդական ընդունելութենէն:
Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը այս շրջանին կը ջանայ առերեսուիլ համայնքէն ներս կուտակուած հակազդեցութիւններուն: Յարութիւն Շանլը եւ Պերրին Տայան թեր ու դէմ կարծիքներ
յայտնեցին արդիւնաւէտութեան խնդիրներուն շուրջ: Արէտ Երկանեան առաջարկեց մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմել՝ բոլոր հարցականներուն գոհացուցիչ պատասխանը գտնելու նպատակով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչքան մեծ բեռ է գրել 24 ապրիլի մասին։ Մեծ բեռ է գրել այն քաղաքին համար, որ արեւմտահայոց չքնաղ ոստանն էր մեծ փոթորիկէն առաջ։
Բեռ է ու դժուար, ոչ անոր համար, որ գրած ատենդ պիտի զեղչես ատելավառ բոլոր ձայներն ու խօսքերը, այլ անոր համար, որ ուսերուդ կայ մեծ բեռ մը, որ պէտք է տեղ հասնի ու խօսքդ, հեռացած որդիի խօսքին պէս լսուի...
Համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն այսօր կը վերյիշէ Մեծ եղեռնը եւ համախմբուած անոր 104-րդ տարելիցին օրը, սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութիւնը կը խնդրէ՝ երկիւղած աղօթքով, խոկումով, բիւր յարգանքով, ապագայի նկատմամբ յոյսով ու խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին իրենց խոնարհումը բերին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ: Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իտէալով մը՝ հեռանկարով մը ապրողներ երբեք չե՛ն մեռնիր, քանի որ իտէալը վախճան չունի եւ կը գոյատեւէ այնքան՝ ո՛րքան մարդկութիւնը՝ բանաւոր մարդը կա՛յ եւ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ իտէալով մը ապրող վե՛հ անձնաւորութիւններ սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն իրենց իտէալը, եւ կ՚ապրին շարուանակել իրենց անվախճան իտէալին մէջ՝ իրենց արժանաւոր յաջորդներուն հետ միասին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ընդհանրապէս ոգելից ըմպելիքներու, ոսկերչատուներու եւ թանկագին իրերու խանութները, ինչպէս նաեւ դրամատուները թիրախը կը հանդիսանան նշանաւոր գողերուն՝ որովհետեւ անոնց գողօնը պարարտ է։
Վերոյիշեալ ընդհանրացումին մէջ սակայն միշտ ալ կան բացառութիւններ եւ այսօրուան մեր նիւթը կը կեդրոնանայ այդ բացառութիւններէն՝ անսովոր թիրախի մը շուրջ, որ խորապէս ազդած է շրջանի բնակչութեան վրայ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում.- Գիրքի մը մէջ հետեւեալ հարցումին հանդիպած եմ. յստակեցում կ՚ուզեմ:
«Ի՞նչ էր Յիսուսի աւարտը յարութենէն ետք»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
-Զը՛նկ, զը՛նկ, զը՛նկ... տը՛նկ, տը՛նկ, տը՛նկ…
Խեղճ կուզիկին անվախճան յանկերգն է աս, փողոցները դանդաղ-դանդաղ ժուռ եկած ատեն, գինովի ինքնամփոփ, ինքնամոռաց գնացքովը: