Արխիւ
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս երկու պատուիրանները՝ սէր առ Աստուած եւ սէր առ ընկեր, օրէնքներու համառօտութիւն կը կոչուին: Այս պատուիրանները Տասնաբանեայ պատգամներէն առաջ տրուած էին, որոնք Օրինաց եւ Ղեւտացւոց գիրքերուն մէջ կը յիշուին. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սիրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ.Օր 6.5). «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ» (Ղւ 19.18):
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կաղանդի եռուզեռ կայ Հայաստանի մէջ: Հանրախանութները սովորականէն աւելի ծանրաբեռնուած են ուտելիքներով, Կաղանդին առընչուող իրերով: Խանութներուն մէջ շարժելու տեղ չկայ՝ ամէն տեղ դրուած են զովացուցիչներու, ալքոլի, չիր ու չամիչի, տուրմերու արկղեր:
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Ս. Թագաւոր եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բանադատութիւնը խարտոց մըն է՝ որ կը յղկէ ի՛նչ որ կը խածնէ», կ՚ըսէ Լըկուվէ։ Իսկ Պուասթ, բանադատութիւնը «բարի զգացում» մը կ՚անուանէ, եւ կ՚ըսէ. «Բանադատութիւնը ո՛չ այլ ինչ է, բայց եթէ տրամաբանութեամբ կատարելագործուած բարի զգացում մը»։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն արեւմտեան աշխարհի երկիրներուն մէջ կարգ մը մտածումներ արտայայտուեցան, նաեւ՝ Հայաստան, որոնք այսօր կրնան նորութիւն եւ յառաջդիմութիւն համարուիլ՝ ազգային ինքնութիւններուն համատեղ ապրելու մասին, միասին ապրիլ, ֆրանսերէնով սովորութիւն է ըսել՝ vivre ensemble: Չի խօսուիր ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու արմատական փոփոխութիւններու մասին:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Յատկապէս քաղաքականութեան մէջ տարածուած սովորութիւն մըն է հռչակաւոր աստղեր՝ երգիչներ, դերասաններ մասնակից դարձնել ընտրական քարոզարշաւին, մանաւանդ՝ բազմամարդ հաւաքներուն, յաւելեալ քուէներ «որսալու» նպատակով: Այս միջոցին արդիւնաւէտ ըլլալը կը մնայ հարցական: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան ընթացքին այս երեւոյթին անդրադարձած է բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ի կայքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանցի լրագրողներու ջախջախիչ տոկոսը կը հաւատայ, որ մինչեւ տարեվերջ երկիրը նոր կառավարութիւն մը պիտի չունենայ։ Մօտաւոր անցեալին Լիբանանի քաղաքական շրջանակներուն համար մեծ հարց մը չէր կառավարութիւն կազմելը, որովհետեւ անուններու, քաղաքական կողմերու կամ նախարարական պայուսակներու «դասաւորումը» կը կատարուէր դուրսէն։ Լիբանանցիներու կարեւոր տոկոսը դժգոհ էր այդ կացութենէն, բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը կը կազմուէր շատ արագ եւ «գէշ-աղէկ» կը ղեկավարէր երկիրը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Եշիլգիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս առաջնորդարանը զանազան ծրագրեր կը կազմակերպէ՝ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան շրջանի խանդավառութեան նոր սերունդը հնարաւորինս հաղորդ դարձնելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս, «Գալայճեան» հանդիսասրահի երդիքին տակ։
Ուքրայնոյ եկեղեցին շաբաթավերջին պաշտօնապէս հռչակեց իր անկախութիւնը։ Ան այսպէսով խզեց իր կապերը Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ եւ Ֆէնէրի Յունաց պատրիարքութեան հովանաւորութեան տակ դարձաւ անկախ եկեղեցի մը։
Հայաստանի վարչապետը յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Մենք կը շարունակենք խաղաղ գործընթացը՝ ի բարօրութիւն տարածքաշրջանի անվտանգութեան»:
Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ երկու աշխատակիցներ այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս:
Տնօրէն Տիգրան Զարգարեան կը մատնանշէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը:
այաստանէն դարձեալ հասան տխուր եւ մտահոգիչ լուրեր, որոնք կը սպառնան հոգեւոր կեանքի անդորրին:
Մայր Աթոռի եկեղեցականաց դասն ու Էջմիածնի հաւատացեալ բնակիչները կանխեցին ցուցարարներու մուտքը սրբավայր:
Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահները մշտական կապ կը պահեն առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ:
Էրտողան եւ Թրամփ համաձայնեցան՝ որպէսզի Սուրիոյ պարագային քայլերու համակարգումը ըլլայ աւելի ազդու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգտակարը չարհամարհել, ամէն զոհողութիւն ընել օգտակար բան մը ձեռք ձգելու համար. ասիկա պէ՛տք է որպէս սկզբունք ընդունուի թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ հասարակութիւններու կողմէ։ Արդարեւ, ըլլա՛յ անհատը, ըլլա՛յ հաւաքականութիւն մը իրենց կենդանական եւ ընկերային գոյութեան մէջ, գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար բազմաթիւ արտաքին ազդակներու պէտք ունին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած, բացի Միածինէն, որ Աստուած է եւ Հօրմէն անբաժան. եւ Որդին էր որ մեզի ճանչցուց զայն» (Յհ 1.18)։
Քրիստոսաւանդ ուսուցումները, Քրիստոսի բերնէն արտաբերուած բարոյախօս քարոզխօսութիւնները կը միտին կորուսեալ մարդու կեանքը ամբողջապէս փոխակերպել՝ զայն հեռու պահելու կորստաբեր ճանապարհներէ եւ առաջնորդելու դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Աստուածորդին միայն չխօսեցաւ, չքարոզեց, չյորդորեց, այլ խօսքի սահմանները անդրանցնելով՝ Իր խօսքը ապրեցաւ ու կեանքի կոչեց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ նոյեմբերէն ի վեր Փարիզ անհանգիստ է։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ Ֆրանսա Եւրոպայի «սիրտն» է, ապա ուրեմն Փարիզ պէտք է համարուի ամբողջ Եւրոպայի արիւնատար հիմնական երակը։ Ֆրանսայի զարգացումները «երեւելի» կը դառնային անցեալ նոյեմբերի առաջին կիսուն, երբ մեծ թիւով ցուցարարներ փողոց կ՚իջնէին վարչապետ Ֆիլիփի կառավարութենէն պահանջելով՝ ջնջել այն նախագիծը, որով հեղուկ վառելանիւթի գինը պիտի բարձրանար։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները վերջին շրջանին իրականացուցին շարք մը պտոյտներ, որոնք թէ՛ խանդավառութեան առիթ հանդիսացան տղոց տեսակէտէ եւ թէ նպաստեցին անոնց ընդհանուր գիտելիքներու զարգացման։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն ներս ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Վերջին օրերուն զարդարուեցաւ նաեւ գատըգիւղցիներու տօնածառը, որ տեղադրուած է թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։
Մխիթարեան վարժարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած էր քէրմէսը, որու բացումին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրաքեան եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։