Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Դէ­պի Փա­րիզ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան սկիզ­բին Սերժ Սարգ­սեան ֆրան­սա­կան գոր­ծա­րար աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ հա­ւա­քոյ­թի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ՝ «Ֆրան­սա­յի ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու շար­ժում» (MEDEF) կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն ներս։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
«Մենք միշտ եղբայրական զօրակցութեան ոգիով վարուած ենք մեր հոգեւոր եղբայրներուն հետ»:

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ Մարտի 15-ին նախատեսուած համագումար ժողովի արդիւնքով պիտի ընտրէ տեղապահ մը:
Կրօնական ժողովի նիստէն վերջ եկեղեցականաց կողմէ պաշտօնի պիտի կոչուի մեր Պատրիարքութեան երեք սրբազաններէն մին, որ նախաձեռնարկ մարմնի մըն ալ կազմուելուն զուգահեռ՝ պիտի ստանձնէ նախընտրական գործընթացի վերահսկման պատասխանատուութիւնը - Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն - Գումգաբուէն հասած լսումները առայժմ բաւարար չեն կանխատեսումներու համար - ԺԱՄԱՆԱԿ շօշափեց վեղարաւոր միաբաններու տրամադրութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ներ­կա­յիս կը նշէ իր ծննդեան 70-ա­մեա­կը։ Այս առ­թիւ ե­րէկ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը յղեց Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լին։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծ պա­հոց շրջա­նի երկ­րորդ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Է­սաեան սա­նուց միու­թիւ­նը թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը եւ այս առ­թիւ մշա­կուած է մաս­նա­ւոր ծրա­գիր մը։ Նա­խըն­թաց օր, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեանն ու այդ կա­ռոյ­ցի հո­վա­նիին տակ գոր­ծող «Մա­րալ» հա­մոյ­թի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քա­նը։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Իս­թան­պու­լա­հայ զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տիկ­նանց կազ­մե­րու եւ վար­ժա­րան­նե­րու ծնո­ղաց միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ կա­նայք ե­րէկ Մար­տի 8-ի առ­թիւ հա­մախմ­բուե­ցան Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ «Կիւլ­պէն­կեան» սրա­հի մէջ սար­քուած սի­րոյ սե­ղա­նով ա­նոնք նշե­ցին Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րը։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նեան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րը, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը այս շաբ­թուան սկիզ­բը պար­զա­պէս «պայ­թե­ցա­ն» հայ­կա­կան ա­մե­նէն սի­րուած ռաք խում­բե­րէն մէ­կուն՝ «Ռեին­կար­նա­ցիա» խում­բի վեր­ջին տե­սա­հո­լո­վա­կի հրա­պա­րա­կու­մէն ետք: «Պայ­թիւն­»ը այն­քան զօ­րեղ էր, որ ա­նոր ա­լիք­նե­րը տա­կա­ւին չեն հան­դար­տած:

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Աչ­քե­րը հո­րի­զո­նին սե­ւե­ռած, պա­տու­հա­նին ե­տե­ւէն հե­ռու­նե­րը կը դի­տէ, կար­ծես անց­նիլ կ՚ու­զէ հո­րի­զո­նէն ան­դին, հաս­նիլ հոն, ուր ան է՝ եր­կար տա­րի­նե­րու իր կեան­քի ըն­կե­րը, կամ կեան­քի թշնա­մին, ա­մու­սինն է ի վեր­ջոյ, լաւ ու վատ յու­շե­րու իր հե­րո­սը: Ճիշդ է սա­կայն, որ վա­տը կը գե­րակշ­ռէ, բայց եր­կար տա­րի­նե­րու գո­յու­թիւն մ­­՚է, վար­ժու­թիւն մը թէ­կուզ, ա­մէ­նօ­րեայ հա­ցին նմա­նող վար­ժու­թիւն մը, որ գո­յա­տե­ւե­լէ բա­ցի ու­րիշ ոչ մէկ բա­նի կը ծա­ռա­յէ:

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր անձ տար­բեր եւ իւ­րա­յա­տուկ շնորհ­նե­րով, ձիր­քե­րով եւ տա­ղանդ­նե­րով օժ­տուած է։
Ուս­տի ա­մէն մար­դու ու­նե­ցած ձիր­քը՝ կը լրաց­նէ ու­րիշ մէ­կուն պա­կա­սը եւ զօ­րաց­նե­լով իր նմա­նին տկա­րու­թիւ­նը, մար­դիկ ի­րե­րօգ­նու­թեամբ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուին։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­սա­նո­ղա­կան աշ­խոյժ հան­գիստ: Ծաղ­կա­ձոր գա­ցին 200 ջա­ւախք­ցի ու­սա­նող­ներ՝ հանգս­տա­նա­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու բազ­մա­թիւ մրցում­նե­րու:

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեանն ա­ռըն­թեր Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ «Նոյ» ազ­գագ­րա­կան թա­ղա­մա­սի ներդ­րու­մա­յին ծրա­գ­­րով նա­խա­տե­սուած տա­րած­քի կա­ռու­ցա­պատ­ման յա­տա­կագ­ծե­րու մշակ­ման վե­րա­բե­րեալ։ Այս խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը վա­րած է Կո­մի­տէի նա­խա­գահ Նա­րեկ Սարգ­սեա­ն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Դէպի Փարիզ այցի ծիրէն ներս հենդիպում՝ Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Դո՛ւք էք մեր ելքը դէպի արտաքին աշխարհ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Խրղը­զիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պիշ­քէ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի այս ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա) եւ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լեն Պա­քու։ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րուն շփում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Մար­տի 11-ին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն հանդիպումը ստեղծեց լայն արձագանգ:
Զօրավար Հուլուսի Աքար պաշտօնակիցներուն հետ ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէն ներս բոլորի հասարակաց նպատակն է խաղաղութեան հաստատումը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ այս ա­ռա­ւօտ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ։ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խա­նը մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիոյ մէջ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պայ­քա­րի պատ­մու­թեան մէջ մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նուին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ ՀԱՅ­ՃԱՐ կը պատ­րաս­տուի մե­ծա­րել մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րէն մին՝ Նշան Եա­ղու­պեա­նը։ Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ՀԱՅ­ՃԱՐ-ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօ­ֆը, որ մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այս ծրագ­րին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քա­ղաքս պի­տի ժա­մա­նէ վա­ղը կէս գի­շե­րին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն Սա­րին Թաշ­հան ի­րա­ւունք շա­հած է յա­ճա­խե­լու Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը՝ UWC-ի Դի­լի­ջա­նի գո­լէ­ճը։ Ան ներ­կա­յիս կ՚ա­շա­կեր­տի Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան, որ­մէ ա­ռաջ ա­ւար­տած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը։

Էջեր