Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի զգայացունց իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխան եւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի աղմկայարոյց ձերբակալման մըթ-նոլորտին մէջ իրաւապահ մարմինները հանդէս կու գան նոր նախաձեռնութիւններով։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Բանակը սահմանի երկայնքով կը շարունակէ լուրջ հարուածներ հասցնել ահաբեկչական լծակներուն:
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ երկրորդ հերթապահութիւնը իրականացուցին Մենպիչի մէջ, մինչ ԵՓԿ կը լքէ շրջանը:

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ս. Թարգմանչաց վարդապետներու յիշատակին նուիրուած առաջին տօնը հասաւ այս տարի՝ նուիրուած Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի։ Ամէն տարի երբ այս տօնակատարութեան օրը կը հասնի, բազում յիշատակներով օծուն 2006-ի Ս. Թարգմանչացը կը յիշեմ։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նախորդ յօդուածին մէջ խօսեցանք վստահութեան մասին, զայն բաժնելով երկու մասերու: Առաջին՝ վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ (այս մասին անդրադարձանք նախորդ յօդուածով), իսկ երկրորդը՝ վստահութիւն մարդու նկատմամբ, որու մասին պիտի անդրադառնանք մեր այս յօդուածով:

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրեր առաջ, Նիւ Եորքի մէջ վաճառուած է պատմութեան ընթացքին մինչեւ այսօր ամենէն սուղ գնահատուած պատկերագիրքը՝ «Ամերիկայի թռչունները» ալպոմը: Այս հռչակաւոր ալպոմը վաճառուած է մօտ 10 միլիոն ամերիկեան տոլարով:

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, Հոգեգալուստէն յետոյ, 33-րդ օրը, որ հինգշաբթի է, կը նշէ «Սրբոց Թարգմանչաց մերոց Սահակայ եւ Մեսրովբայ» տօնը, որ այս տարի կը հանդիպի 21 յունիս հինգշաբթի օրուան։ Արդարեւ, այս տօնին աւանդութիւն է դարձած, ուխտագնացութեամբ երթալ դէպի Օշական եւ այցելել Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ շարունակեց իր աշխատանքային այցելութիւնը Պրիւքսելի մէջ։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի գաղթի, ներքին գործոց ու քաղաքացիութեան հարցերով յանձնակատար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 182-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հակառակ կատարուած յայտարարութեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան առողջական պատճառներով չկրցաւ հանդիսապետել արարողութիւններուն։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

SEV-ի նորընտիր վարչութեան մէջ ընդգրկուած են փորձառու համայնքային գործիչներ:
Հիմնարկի հերթական համագումարին ընթացքին վաւերացուեցան անցեալ շրջանի տեղեկագրերը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Պատրիարքական Աթոռը, 24 յունիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Իսթանպուլի երեսփոխան, Տիարպաքըրէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Տիար Կարօ Փայլանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն կը հետեւի ցաւով ու մտահոգութեամբ։ Զանազան լրատուամիջոցներու մօտ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն Աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու մեր համայնքի տեսակէտէ մարտահրաւէրի մը վերածուած ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Հայկական արտադրութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ կ՚աճի միջազգային շուկաներէ ներս:
Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը մեծ վերելք կ՚ապրի վերջին տասը տարիներուն ու կը խոստանայ հեռանկարներ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

 Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական հանդիսութիւններու շարք մը սկսաւ Պոստոնի մէջ։ Այս շարքի առաջին փուլին կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 300 հոգի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Այսօր Պրիւքսելի մէջ կը սկսի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուած վերջին բացայայտումներուն հիման վրայ յայտնաբերուած տուեալները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի օրակարգը։ Երէկ, խորհրդարանը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան հիման վրայ երեսփոխան Մանուէլ Գրիգորեան զրկուեցաւ անձեռնմխելիութենէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու 22-ին մշտական ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուին Երեւան:
Լաքանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներուն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Յայտնի պատմաբանը Երեւանի մէջ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ հայկական հարցին շուրջ:
Թանէր Աքչամ. «Հայաստան լծակներ պէտք է ունենայ Թուրքիոյ վրայ ազդելու համար, իսկ սփիւռքը ուժեղ չէ»:

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեան, որ այս վարժարանի տեսուչն է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018

Աշխատասիրեց՝  
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

- Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին պա­տա­րա­գի­չը բարձ­րա­ձայն ի՞նչ կ՚ար­տա­սա­նէ, իսկ դպիր­նե­րը այդ մի­ջո­ցին ի՞նչ կ՚եր­գեն։
- Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին, պա­տա­րա­գի­չը Սկի­հին վրայ ձեռ­քե­րը կա­մա­րա­ձեւ ը­րած ծա­ծուկ ա­ղօթ­քով կը յի­շէ Քրիս­տո­սի մար­դե­ղու­թիւ­նը եւ մեր մէջ բնա­կու­թիւ­նը, ա­տով իսկ եր­կի­րը եր­կին­քի վե­րա­ծե­լը, ո­րով­հե­տեւ «մեր փրկու­թեան հա­մար մար­դա­նա­լով՝ երկ­նա­յին­նե­րու հո­գե­ղէն խում­բե­րուն միա­խառ­նուե­լու շնորհ­քը տուաւ մե­զի»։

Էջեր