Արխիւ
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս լուսաբանութեան նամակ մը ուղարկուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան։ Այդ նամակը ստորագրուած է՝ Մուրատ Սիւմէի (ատենապետ), Արէտ Շէնի, Պերճ Զիայի եւ Անահիտ Սերկուտի կողմէ։
Ֆութպոլի նախկին աստղ Ռոնալտինօ (տես նկարը) պիտի ամուսնանայ յառաջիկայ Օգոստոս ամսուան մէջ։ Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ դէպք, սակայն եկո՛ւր, տե՛ս, որ ան երկու աղջկան հետ միեւնոյն ժամանակ պիտի կնքէ այդ պսակադրութիւնը…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.9)
Աշխարհի վրայ տարբեր տեսակի հարստութիւններ կան: Կայ նիւթական հարստութիւն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսոյ մէջ գործող «Ոմանք» երաժշտական խումբը այս օրերուն Հայաստանի մէջ է: Առաջին անգամ չէ, որ խումբը համերգ կ՚ունենայ հայրենիքի մէջ, բայց այս անգամ համերգային շրջագայութեան աշխարհագրութիւնը մեծ է՝ Երեւանէն դէպի Կիւմրի, Վանաձոր, այնուհետեւ կրկին վերադարձ Երեւան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծագում առած տհաճ իրադարձութիւններու շարքը դժբախտաբար կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ կարգ մը շրջանակներ կը ջանան թիրախաւորել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անհասկնալիօրէն պահանջելով Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս տեսանք երեք «Համատես Աւետարան»ները՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարանները, որոնք կը ներկայացնեն Յիսուսի անձը եւ գործը, որոնց մասին ըստ բաւականին ամբողջական եւ շատ կենդանի երրակ պատկերներ կը գծեն։ Բայց չորրորդ Աւետարանին հետ, մարդ կարծես «Սրբարանին սրահ»ին մէջ իսկ կը թափանցէ, եւ Աստուծոյ Որդիին հետ կ՚ունենայ ա՛յնքան մտերիմ հաղորդակցութիւն մը, որ Անոր սրտին բաբախումները կը զգայ։
Գալֆաեան Տան 2017-2018 շրջանի հունձքը դպրոցէն հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդիսութիւնով մը։ Սկիւտարի սանուց միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, խնամակալները, վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, ուսուցչաց կազմի անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հայաստան։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան մօտաւոր անցեալի 70-ամեայ յոբելենական շրջանին կազմակերպուած ծրագրին կրկնութիւնը յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է հայերէն նոր գիրք մը, որ կը բովանդակէ Զապէլ Եսայեանի երկու վէպերը։ Այսպէս, գիրքին մէջ համատեղուած են հեղինակի «Շնորհքով մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» գործերը։
Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցաւ «Աւրորա» մրցանակը։ Այսպէս, 2018 թուականի դափնեկիրը դարձաւ Ռոհինճա ժողովուրդի առաջնորդ, իրաւաբան ու մարդու իրաւանց պաշտպան Չօ Լա Աուն։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիսի հետ։ Երկու նախարարները տեսակցեցան ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ծիրէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Մոսկուա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան տեղեկացուց այս այցելութեան մասին, սակայն մանրամասնութիւններ չհաղորդեց վարչապետի ուղեւորութեան ծրագրին շուրջ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը, որով հերթական անգամ կ՚անդրադառնայ համայնքային առկայ շարք մը հարցերու։ Համբարձման տօնէն ի վեր Շիրինօղլուի անունը դարձեալ բանավէճերու առարկայ դարձած է համայնքային կեանքէն ներս՝ հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ ունեցած ելոյթի բովանդակութեան պատճառով։
Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որու ընթացքին կատարուեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, որ քահանայ ձեռնադրեց 12 սարկաւագներ։
Կրօնական ժողովի ատենապետը յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ զօրակցութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Պահանջները վտանգաւոր են, որովհետեւ յաչս աշխարհին ու համաքրիստոնէական ընտանիքին լաւ տպաւորութիւն մը չեն ստեղծեր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին տեսակէտէ։ Այս խնդիրը չի մեծնար, եթէ Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ նեցուկ մը չըլլայ»:
«Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտութեան խումբը այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Սփիւռքի նախարարութենէն ներս շաբաթավերջին արուեստագէտները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով մը:
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրուեցաւ՝ հիմնադրութեան 242-րդ տարեդարձին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գումգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին։ Դպրոցի 188-րդ շրջանաւարտներուն ի պատիւ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այս տարուան Ապրիլին ընթացք առած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը համերաշխութեամբ աւարտեցաւ, պարտադրելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Հայաստանի Խորհրդարանը, երկրորդ քուէարկութեամբ, 59 ձայներու մեծամասնութեամբ, Մայիս 8-ին վարչապետ ընտրեց ժողովրդական շարժումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Հողն ալ սիրտ ունի՝ եթէ սիրտ ունինք այդ սրտին տրոփը զգալու։
Հողն ալ կեանք ունի՝ եթէ շունչ ունինք այդ կեանքին շունչը զգալու։
Կրակը կրցաւ այրել դաշտին խոտը, ցորենին ցօղունն ու հասկը, ծառին ճիւղն ու պտուղը, տունին գերանն ու ձեղունը։ Հարուածը կրցաւ քանդել պատն ու սիւնը, խորտակել քանդակն ու խաչքարը։ Բայց ո՛չ կրակը եւ ո՛չ ալ հարուածը կրցան իջնել մինչեւ հողին ու քարին սիրտը, ուր կը բաբախէր հայուն սիրտը» (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։