Արխիւ
Երեւանի Պետական համալսարանի լրագրութեան ֆաքիւլթէէն ներս ասուլիս:
Աննա Յակոբեան անդրադարձաւ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու ազդեցութիւններուն:
Երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը որոշած է յետաձգել «Արի տուն», «Իմ Հայաստան» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագրերը։
Աշխարհահռչակ ամերիկացի գրող Օ. Հենրիի «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» պատմուածքի հիման վրայ իրականացուած համանուն բեմադրութիւնը թատերասէրներուն հնարաւորութիւն կու տայ մեծահասակներու մէջ փնտռել մանուկները եւ թոյլ չտալ, որ հասուն մարդիկ կորսնցնեն իրենց երազները:
Ուաշինկթընի նորաբաց Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ ներկայացուած են հայկական բացառիկ ձեռագիրներ:
Թանգարանին մէջ, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի շէնքին մօտ, ներկայացուած է Աստուածաշունչի պատմութիւնը եւ ազդեցութիւնը աշխարհի տարբեր հասարակութիւններու ու մշակոյթներու վրայ:
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ ճանապարհային քարտէս մը որդեգրեցին՝ Մենպիչի պարագային:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ երէկ տեսակցութիւն մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ:
ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածուն երէկ այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Մարգար Էսաեան անդրադարձաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն եւ նախընտրական աշխատանքին:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար հանդէս մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Լիզա Սէրճէնեանի եւ Էտըմ Եթէրօղլուի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները։ Իրենց կ՚ընկերանար հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլու։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրին հակառակ կողմը» վէպը արդէն իսկ ընթերցողին սեղանին է: Հայաստանի մէջ գիրք վաճառելու նոր աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Արա Արծրունիին առաջին անգամ հանդիպեցայ 11 Յուլիս 2017-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մտայղացումով եւ կազմակերպութեամբ կը մասնակցէինք «Սփիւռքի հայը նոր հորիզոններու դիմաց» գիտաժողովին՝ Պիքֆայա, Լիբանան: Գիտէի, որ ան գաղութին մէջ ծանօթ արձակագիր եւ թատերագիր է, բայց, ինչ խօսք, ծանօթ չէի անոր գործերուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ լսելի դարձած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներու խնդիրը այսօր սկսած է դառնալ երկրի գլխաւոր խնդիրներէն մին։
Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործող քրտական զինեալ խմբաւորումներուն մասին, որոնք անցնող գրեթէ երեք տարիներուն մեծ ճիգեր իրականացնելով յաջողած են ստեղծել մասամբ ինքնավար շրջաններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք դժոխքի մասին Լեւոն Սարգիսեանի խորհրդածութիւնները ներկայացնել, որոնք փաստարկումներ են, թէ՝ քանի որ Աստուած բարի՛ է, սէ՛ր է, ապա ինչո՞ւ կ՚արտօնէ, որ չարը գոյութիւն ունենայ եւ գործէ, եւ թէ ինչո՞ւ հաստատուած կամ ստեղծուած է դժոխքը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խօսնակ Եդուարդ Շարմազանով, որ օրեր առաջ հարցազրոյց մը տուաւ հայրենի «Շանթ» հեռուստաընկերութեան՝ բացառեց, որ յառաջիկայ օրերուն կուսակցութիւնը դէմ յանդիման պիտի ըլլայ «առնէտավազք» կոչուած երեւոյթին։ Շարմազանովի այս «հաստատում»ը տեղի կ՚ունենար այն պահուն, երբ մէկէ աւելի պատգամաւորներ կը լքէին ցարդ ալ խորհրդարանին մէջ մեծամասնական ուժ հանդիսացող ՀՀԿ-ն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային միտքը յաճախ զբաղեցնող հարց մըն է՝ թէ քանի որ Աստուած Սէր է, Բարի է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կայ ատելութիւնը, կայ չա՛րը։ Եւ քանի որ Աստուած ամենակարող է եւ ամենակալ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ արտօնութիւն կու տայ, որ չարը գործէ։ Եւ քանի որ Աստուած ամէն բանին ստեղծիչն է, ինչո՞ւ ստեղծած է նաեւ չարը։ Եւ այս հարցումները կը յանգին վերջապէս, թէ՝ Աստուծոյ բարութեան դէմ ինչո՞ւ գոյութիւն ունի «դժոխք»ը։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան համերգը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի չորրորդ դասարանի փոքրիկներուն շրջանաւարտութեան հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Տղաքը ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը արժանանալով ծափահարութիւններու։
Երէկ, Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաք, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Բացի Գալֆաեանէն, Սկիւտարի երբեմնի վարժարաններուն՝ Սէմէրճեան Ճեմարանի եւ Ներսէսեան-Երմոնեանի սաներն ալ մասնակցութիւն բերին այս բացօթեայ հաւաքին։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէ ելքի տօնակատարութիւնները առիթ հանդիսացան՝ որպէսզի զանազան թաղերէ հաւատացեալներ համախմբուին Գուզկունճուքի մէջ։ Շաբաթ օրուան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ խոր սուգի մթնոլորտով:
Համայնքային շրջանակները բերին իրենց խոնարհումը նորոգ հանգուցեալ Ղազարոս Ունանի բարի յիշատակին առջեւ:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան. «Ես չեմ խօսիր ամիսներու մասին, կը խօսիմ շաբաթներու մասին»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նոր հանդիպման մը հաւանականութիւնը օրակարգի վրայ: