Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ձկնոր­սը նստած է գե­տա­փին, կող­քը լամբ մը, դոյլ մը, կար­միր հո­ղով լե­ցուն թի­թե­ղեայ տուփ մը, ուր­կէ որ­դե­րը մէկ-մէկ գլուխ կը ցցեն ու կը մխրճուին հո­ղին մէջ, կարթ մը, կե­ռիկ­նե­րու տու­փիկ մը ու իր հա­ցա­մա­նը շա­րուած են: Յար­մար տեղ մը ընտ­րած են ձկնորս բա­րե­կամ­նե­րը ի­րեն հա­մար ու սոր­վե­ցու­ցած, թէ ինչ­պէս պէտք է գոր­ծա­ծէ կար­թը ու այլ անհ­րա­ժեշտ բա­ներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­ջին նիս­տե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին քննարկ­ման դրուե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ ո­րո­շում մը: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է վա­ճառ­քի հա­նել պե­տա­կան գան­ձա­րա­նի մէջ պա­հուող մար­գա­րիտ­նե­րը, այն հի­ման վրայ, որ մար­գա­րիտ պա­հե­լը ար­դիւ­նա­ւէտ ու նպա­տա­կա­յար­մար չէ, քա­նի որ մեծ ծախ­սեր կը պա­հան­ջէ, իսկ թան­կար­ժէք այդ քա­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կ՚են­թար­կուի քայ­քայ­ման, փճաց­ման եւ չո­րաց­ման, կը կորսնց­նէ իր ապ­րան­քա­յին տեսքն ու ար­ժէ­քը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը, ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման իւ­րա­յա­տուկ տի­պա՛րն է. ան, հո­գե­ւոր ա­զա­տու­թեան, մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու, մշա­կոյ­թի՝ լե­զուի, դպրու­թեան, հա­ւատ­քի պաշտ­պա­նու­թի՛ւնն է։ Ար­դա­րեւ, սխա՛լ է ա­նի­կա հասկ­նալ աշ­խար­հա­յին ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ, քա­նի որ Վան­դա­նանց ճա­կա­տա­մար­տը բո­լո­րո­վին գա­ղա­փա­րա­յին, սկզբուն­քի հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան ար­դար պայ­քա՛ր մըն է։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ Ս. Վարդանանց տօնակատարութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը խորհրդակցի Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազաններուն հետ՝ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան լուրջ խնդիրներուն մասին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Մայ­րե­նիի օ­րուան առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ բա­ցուած «Հայ­կաշ­խարհ» ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն ման­կա­պա­տա­նե­կան կայ­քէ­ջի (Armlands.com) շնոր­հան­դէ­սը եւ «Իմ քաղցր լե­զու» խո­րագ­րեալ շա­րադ­րու­թեան մրցոյ­թի ար­դիւնք­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Գեր­մա­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն մը հան­դէս ե­կած է նո­րա­րար գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­մամբ: Ան ջու­րին վրայ ծփա­ցող ու­ռե­ցուած հսկայական խա­ղահ­րա­պա­րակ մը կա­ռու­ցած է:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Ար­հես­տա­վարժ կռփա­մար­տիկ, գեր­մի­ջին քա­շա­յին կար­գի WBO-ի վար­կա­ծով աշ­խար­հի նախ­կին ա­խո­յեան հա­յազ­գի Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի յա­ջորդ մե­նա­մար­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ապ­րի­լի 22-ին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Պուէ­նոս Այ­րէ­սի Սեր­վան­թէ­սի ա­նուան ազ­գա­յին թատ­րո­նի գլխա­ւոր տնօ­րէն նշա­նա­կուած է հա­յազ­գի Ա­լե­խանտ­րօ Տան­տա­նեան:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Կան հա­մազ­գա­յին ար­ժէք­ներ, ո­րոնց կա­րե­լի է անդ­րա­դառ­նալ միայն մե­ծա­գոյն ակ­նա­ծան­քով, մաք­րա­մա­քուր զգա­ցո­ղու­թիւն­նե­րով, ա­նափ սի­րով ու նուի­րու­մով: Նման ար­ժէք­նե­րու շար­քին կ՚ա­ռանձ­նա­նայ մայ­րե­նի լե­զուն: Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ թե­րեւս ու­նի մայ­րե­նիի վե­րա­բե­րեալ իր ըմբռ­նում­ներն ու պատ­կե­րա­ցում­նե­րը, մայ­րե­նիի հան­դէպ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու գի­տակ­ցու­մը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, հայ­կա­կան լրա­հո­սին մէջ ե­րեւ­ցած ո­րոշ շփո­թէն ետք, յստակ կը դառ­նար, որ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի Հինգ­շաբ­թի օր Մայր Ա­թոռ ժա­մա­նու­մը ար­դիւնքն է նա­խա­պէս ե­ղած կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կէս գիշերին պիտի ուղեւորուի Երեւան եւ վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասած պիտի ըլլայ մայրավանք: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարութիւններ կ՚ընէ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն եւ մշտապէս միասին է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ: Համայնքային զանազան շրջանակներ կը ջանան ներկայ փուլին իրենց մօտեցումներուն եւ սպասումներուն շուրջ տեղեակ պահել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ աղօթքով ու շինիչ յորդորներով հետամուտ է համերաշխ լուծում մը ապահովել՝ որպէսզի երեք սրբազանները փոխադարձ ըմբռնումով յառաջ տանին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն հիման վրայ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ մեծ շու­քով նշեց Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րին մէջ, ձե­ռամբ՝ Տ. Ե­ղի­շէ Քհնյ. Նա­զա­րեա­նի։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Ե­րէկ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րե­նիի օ­րուան առ­թիւ։ Սո­վո­րա­կան ձե­ւա­չա­փէ դուրս կազ­մա­կեր­պուած էր մայ­րե­նիին ձօ­նուած օ­րուան յայ­տա­գի­րը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշուե­ցաւ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ եր­դի­քին տակ ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազ­նիւ ըլ­լալ» կը նշա­նա­կէ՝ բա­բա­խուն սիրտ մը ու­նե­նալ, բա­րի­քի մա­սին խոր­հիլ, ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած ըլ­լալ եւ անդ­րա­դառ­նալ իր իսկ ինք­նու­թեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Իս­թան­պու­լի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րը։ Այս առ­թիւ քա­ղա­քիս մէջ կը գտնուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պիւտ­ճէի ու տնտե­սա­կան հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­գիկ Մի­նա­սեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ՀԱԿ-ի փոխ-նախագահ Արամ Մանուկեան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Հայերու երկիր վերադարձուիլը կարեւորագոյն հարցերու շարքին է՝ Հայաստանի անվտանգութեան տեսակէտէ, մեր բնակչութեան քանակը վտանգաւոր դարձած է»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ ՊԵՐՃ ՄԱՍ­ԼԱՔ

Հա­յոց տօ­նե­րէն ա­մե­նէն ժո­ղովր­դա­կան եւ կրօ­նա-ազ­գա­յին բնոյթ ու­նե­ցո­ղը Վար­դա­նանց տօ­նը ըլ­լա­լով հան­դերձ, ու­շագ­րաւ եւ իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող տօն մըն է նաեւ Սրբոց Ղե­ւոն­դեան­ցը, որ կը նշուի Վար­դա­նանց տօ­նը կան­խող Ե­րեք­շաբ­թին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Իգ­նա­տիոս Ան­տիո­քա­ցի կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­րէց­նե­րը իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ խոր­հուր­դին ան­դամ­նե­րը եւ իբ­րեւ ա­ռա­քեալ­նե­րուն հա­մա­խում­բը՝ ա­ռանց ա­նոնց կա­րե­լի չէ՛ Ե­կե­ղե­ցիի մը մա­սին խօ­սիլ։ Ուս­տի «ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տար»ին ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէ­ջէն՝ Քրիս­տոս Ի՛նքն է որ ներ­կայ է Իր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ իբ­րեւ Գլուխ՝ Իր Մար­մի­նին, իբ­րեւ Հո­վիւ՝ Իր հօ­տին, Քա­հա­նա­յա­պետ՝ փրկչա­գործ զո­հին եւ Վար­դա­պետ՝ ճշմար­տու­թեան։ Այս ի­մաս­տով, քա­հա­նան կը գոր­ծէ յան­ձին Քրիս­տո­սի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնն ու Հա­յաս­տա­նի Մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րա­մը՝ Գիրք նուի­րե­լու օ­րը ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տած են ու վե­րա­ծած՝ ա­նակն­կա­լի: Փետ­րուար 19-ին, ժա­մը 12.00-էն մին­չեւ ե­րե­կոյ, Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին շար­ժա­կան գրա­խա­նու­թը՝ «Գրա­բուս»ը, շրջե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հա­մայնք­նե­րուն մէջ:

Էջեր