Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Լի­բա­նա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի «Գաս­պար Ի­փէ­կեան» թա­տե­րա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, «Յա­կոբ Տէր Մել­քո­նեան» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն՝ նուի­րուած վաս­տա­կա­շատ դե­րա­սան­ներ Մա­նուէլ Մար­գա­րեա­նին (Մա­նուէ­լիկ) եւ Մա­րի Ռոզ Մա­նու­կեա­նին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թին մէջ կը կար­դանք.-
Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ իր 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նի շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րէն Դա­նիէլ Մու­րա­տեան, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է Գա­լի­ֆոր­նիոյ ճար­տա­րա­գի­տա­կան հիմ­նար­կի գիտ­նա­կան­նե­րէն Տքթ. Ռի­չըրտ Կա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած ծրագ­րի մը, ո­րուն շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղած է բա­րե­լա­ւել երկ­րա­շար­ժի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը ծա­նու­ցող սար­քեր։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը կը տե­ղե­կաց­նէ.-
Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­ներ» հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան 12-րդ դ­րա­մա­հա­ւա­քի ձեռ­նար­կը, ո­րուն ըն­թաց­քին կա­րե­լի ե­ղած է գո­յաց­նել շուրջ 3.7 մի­լիոն տո­լա­ր նուի­րա­տուու­թեանց խոս­տում­ներ, ո­րոնք նոր խթան պի­տի հան­դի­սա­նան նշեալ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­նե­րուն տրա­մադ­րուող բա­րե­սի­րա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման գոր­ծին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Հայոց Թեմէն ներս:
Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ հաստատուած պարգեւները յանձնուեցան՝ Սենի տափանաւերէն մէկուն վրայ կազմակերպուած ընթրիքի ընթացքին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ֆրան­սա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գահ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թի ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թի ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պրիւք­սե­լի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րի ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հին­գե­րորդ փու­լը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ՝ Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ու ներդրում­նե­րու ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­քո­նեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Էրտողան եւ Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ՝ Հալէպի հրադադարի ամրապնդման համար:
Դիւանագիտական աշխոյժ շփումներու մթնոլորտին մէջ այս առաւօտ սկսաւ քաղաքին դատարկումը, հիւանդներու ինքնաշարժներու շարասիւնը դուրս եկաւ ճանապարհ, սակայն դարձեալ ծագեցան բախումներ, որոնց զոհ գնաց անձ մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Բովանդակ Թուրքիա կը վերահաստատէ իր վճռակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքարի ճանապարհին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շեշտը դրաւ անխտիր բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւնները թիրախաւորելու վրայ - Չանքայայի ապարանքին մէջ Պինալի Եըլտըրըմ, Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ Տեւլէթ Պահչելի հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

«Փոք­րիկ» հէ­քեաթ­նե­րու կայ­քէ­ջը վեր­ջին շրջա­նին ու­շադ­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է մեր նա­խակրթա­րան­նե­րու սա­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Կայ­քէ­ջի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճոխ է, հե­տե­ւա­բար նոյ­նիսկ մին­չեւ միջ­նա­կար­գի Է. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը կրնան ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նել ա­նոր մի­ջո­ցաւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նոր տար­ւոյ առ­թիւ քէր­մէս մը։ Եր­կօ­րեայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը պսա­կուե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։ Վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս քէր­մէ­սը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին ջան­քե­րով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ար­դէն յար­դա­րուած է ա­ւան­դա­կան տօ­նա­ծա­ռը։ Մինչ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան ըն­դա­ռաջ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­մա­կէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մթնո­լոր­տը, Պատ­րիար­քա­րա­նի տօ­նա­ծառն ալ զար­դա­րուե­ցաւ տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Լաւ, յու­սադ­րիչ լու­րեր կան Հա­լէ­պէն: Տա­րի­նե­րէ ի վեր փակ ճամ­բա­նե­րը բա­ցուած ու եր­թե­ւե­կը կա­մայ-ա­կա­մայ վե­րա­կանգ­նած է: Քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րուն վրայ տե­ղա­ւո­րուած հսկայ ժայ­ռե­րը վեր­ցուած են: Ար­գե­լակ­նե­րը նուա­զած են կար­ծես, ինչ­պէս բա­րե­կամ մը ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց.

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դեկ­տեմ­բե­րի 10-ին, Սթոք­հոլ­մի մէջ, հան­դի­սա­ւոր կեր­պով տե­ղի ու­նե­ցաւ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, ո­րուն ու­ղիղ ե­թե­րով հե­տե­ւե­ցաւ ամ­բողջ աշ­խար­հը: Տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան ու սպա­սուած այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ըն­թաց­քին շուէ­տա­կան եւ նո­րվե­կա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու կող­մէ մրցա­նակ­ներ տրուե­ցան հե­ղի­նա­կա­ւոր գի­տա­կան ձեռք­բե­րում­ներ, մշա­կոյ­թի մէջ կա­տա­րուած ներդ­րում­ներ եւ հա­սա­րա­կու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տեալ աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նող ան­ձե­րու:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Բիրտ ու­ժի տի­րա­պե­տու­թեան՝ ան­ցեա­լի դա­րաշր­ջան­նե­րուն մէջ բո­լո­րո­վին ան­կա­րե­լի՛ էր սպա­սել «բա­րո­յա­կան բարձր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն» մը։ Ար­դա­րեւ ըն­կե­րա­յին բո­լոր խա­ւե­րու մէջ, նա­՛եւ ըն­տա­նի­քի մէջ այդ շրջան­նե­րուն կը պակ­սէր հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գին։ Մինչ­դեռ ի­րեր­հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, եր­կայ­նամ­տու­թիւն, նե­րո­ղամ­տու­թիւն՝ «ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ» են՝ ո­րոնք կը ներ­դաշ­նա­կեն մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Ռու­սաս­տա­նի աշ­խար­հահռ­չակ «Էր­մի­թաժ» պե­տա­կան թան­գա­րա­նի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մի­խա­յիլ Փիոթ­րովս­քի ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր հիւ­րըն­կա­լ­ւե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին «Էր­մի­թաժ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին ըն­կե­րա­ցաւ իր որ­դին՝ Պո­րիս Փիոթ­րովս­քի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նէն հա­սաւ տխուր լուր մը։ Այս­պէս, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար Ար­մէն Ե­րի­ցեան։ Մի­ջո­ցէ մը ի վեր Ար­մէն Ե­րի­ցեան կը տա­ռա­պէր ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թե­նէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նալ։ Երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ բա­նա­կը ար­դէն ամ­բող­ջու­թեամբ ձեռք ան­ցու­ցած է քա­ղա­քին հա­կակ­շի­ռը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը շարունակեն իրենց ջանքերը:
Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ կարեւորեց Համպուրկի համատեղ յայտարարութեան բովանդակած տարրերը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան բոլոր ուղղութիւններով թափով կը զարգացնեն իրենց համագործակցութիւնը:
Պենիամին Նեթանիյահու Պաքուի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իլհամ Ալիեւի  կողմէ:

Էջեր