Արխիւ
ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը յաջորդ ամիս պիտի յստականայ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Աստանայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ֆրանսահայ բեմադրիչ Կորիւն Ափրիկեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
-Պր. Ափրիկեան վերջերս մեկնած էիք Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար շարժապատկերի փառատօնի մը։ Ո՞ր ժապաւէնը ներկայացուցիք այդ փառատօնին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան, ապա Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան (1951-1961), «Շողակաթումներ-1925» գիրքին մէջ հրատարակուած «Կինը եւ մայրը» քարոզ-յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Փոքրիկ շեղում մը։ Ի՞նչ է կին-մարդը համեմատութեամբ այր-մարդուն», եւ կը շարունակէ. «թերեւս չիկայ աւելի ճշգրիտ ու խորհրդապաշտիկ ըմբռնում մը քան այն՝ զոր Աստուածաշունչը կը պատկերացնէ ստեղծագործութեան պատմութեան առաջին էջին մէջ իսկ։
Հայաստանի մշակութային կեանքի կարեւոր մասը դարձած «Երեւան ճազ ֆեստ»ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, շեփորահար Արթուրօ Սանտովալի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի համատեղ համերգով:
Շաբաթ, 3 նոյեմբեր 2018-ին, Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու յանձնաժողովը կատարեց իր կիսամեայ լիակատար նիստը:
Նախաձեռնութեամբ Հարաւային եգէականի մարզպետութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ռոտոս կղզիի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին, վերջերս Ռոտոս կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ պոնտական երգերու ձօնուած ճոխ երեկոյ մը՝ նուիրուած նորոգ հանգուցեալ Համազգայինի Ռոտոսի մասնաճիւղի ատենապետ Խարա Քէօսէյեանի յիշատակին:
2018 թուականի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն միջեւ, 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատած, Հայաստանի մէջ համակարգիչներու արտադրութիւնը աճած է 99.3 տոկոսով:
«Ֆրիտըմ հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Համացանցի ազատութիւն՝ 2018-ին» զեկոյցը, որուն համաձայն, այդ մարզէն ներս յառաջխաղաց արձանագրուած է 19 երկիրներու մէջ, որոնցմէ մէկն է Հայաստան, ուր արձանագրուած յատկանշական բարելաւումներուն շնորհիւ՝ երկիրը անցած է «Ազատ» նկատուող երկիրներու շարքին, մինչ նախապէս կը գտնուէր «Մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկին վրայ:
Անգլիական Quacquarelli Symonds (QS) ընկերութիւնը հրապարակած է Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ յառաջատար համալսարաններու վարկանիշը, ուր ընդգրկուած է նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանը:
Հայաստանի հարաւին մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի արկած մը, որու հետեւանքով զոհուեցաւ չորս զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Գորիս-Որոտան ճանապարհի 39-րդ քիլօմեթրի հատուածին մէջ։
Ալեքսանտր Ռամ երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ: Յայտնի թաւջութակահարը արժանացաւ հայ երաժշտասէրներու համակրանքին ու ջերմ ծափահարութիւններուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կայ սուրբգրային համար մը, որուն հիմամբ՝ եթէ Աստուծոյ խօսքերը վէմի վրայ դրուին, լաւ արդիւնք պիտի տան։ Համարը մօտաւորապէս այդպէս կը յիշեմ, բայց վստահ եմ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միւս գործընկերներս, որ գիշեր-ցերեկ կրօնական նիւթերով կը զբաղին, լաւ գիտեն այդ համարը, անգիր գիտեն։
ՀԱՊԿ-ի երկօրեայ գագաթաժողովի ընթացքին կը ճշդուի նաեւ նոր ընդհանուր քարտուղարին անուն: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկումներ կը ծաւալէ դաշնակից երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
«Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան ութերորդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Պէյօղլուի մէջ կազմակերպուած նկարչական ցուցահանդէսով մը։ Յունաստանի հիւպատոսարանի առընթեր «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը։
Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչին այցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ սերտ համագործակցութեան համար:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հոկտեմբերի վերջին օրերէն մէկն էր, երբ Երեւանի մէջ աշնան ցուրտ հովը կ՚աւլէր չորցած տերեւները, երբ քաղաքական դաշտը կրկին փոթորկած էր եւ մայրաքաղաքին երկինքը պատուած վերահաս անձրեւի գոյնով, գոյժ մը ստացանք Պէյրութէն՝ մահացած է գրող, մտաւորական Արա Արծրունի…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ կարեւոր է եւ նո՛յնքան դժուար՝ մարդ ճանչնալը։ Եւ երբ «մարդ ճանչնալ» կ՚ըսենք, այս կը նշանակէ մարդուն ներաշխարհին մասին յստակ տեղեկութիւններ ունենալ եւ ո՛չ թէ պարզապէս ծանօթանալ անոր հետ։
Հանրապետութեան նախագահը քննադատեց ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները:
Էրտողան. «Մեր համոզմամբ՝ այս բոլորը աշխարհի հաւասարակշռութիւնը խանգարելու ուղղեալ քայլեր են»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդոց միջեւ որքան հաւասարութիւն, նոյնքան եւ աւելի, տարբերութիւններ կը գտնուին։ Իսկութեան մէջ հաւասարութեան կարեւորութիւնը եւ արժէքը կը յայտնուի այդ տարբերութիւններու շնորհիւ։