Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւաքական կեանքի մէջ յաճախ վէճ կը ծագի, թէ ո՛վ է մեծը։ Արդարեւ մարդկա՛յին տկարութիւն մըն է ամէն մեծութիւն, յարգ եւ պատիւ ինքն իրեն յարմար տեսնել։ Մարդկային հոգեբանութիւն է ասիկա, թէ ի՛նք ամենէն մեծն է եւ մեծութեան արժանի՛։ Մանաւանդ երբ մարդ որոշ դիրք մը կամ ապահովութիւն մը ունի, այդ դիրքը կամ ապահովութիւնը կը հասցնէ իր գագաթնակէտին եւ ինքզինք կը համարէ ամենաբա՛րձրը։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տիեզերական ժողով կը կոչուին քրիստոնէական Եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականութեան համընդհանուր եկեղեցական ժողովները, որոնց ընդունած որոշումները ողջ Ընդհանրական Եկեղեցին պարտադիր կը համարէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատիկէն յետոյ իրերայաջորդ կիրակիներուն՝ ընդհանրապէս կը ներկայացուի գարունը՝ որ վերակենդանութան, նոր կեանքի խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ։
Զոր օրինակ, ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձանք, Զատկին յաջորդող երկրորդ Կիրակին՝ որ է Յինանց երրորդ Կիրակին, աշխարհամատրան անունով կը յիշուի։
Ֆրանսահայ պատմաբանը կ՚անդրադառնայ Ս. Քաղաքի հայկական թանգարանի վերաբացման ծրագրին:
Ըստ Քլոտ Մութաֆեանի, վայրը շատ յարմար է եւ այնտեղ պիտի ներկայացուին Երուսաղէմի հայկական հարստութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ յատուկ նիստ մը գումարելով ընտրեց վարչապետը:
Երկրի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Սերժ Սարգսեան, որ առաջին քայլափոխին խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վտանգներու մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժնի ղեկավար, թրքագէտ Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:
Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը հանդէս կու գայ խստապահանջ ունկնդիրներու առջեւ:
Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին կը նշուի նաեւ երգահան Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Արմէն Սարգսեան պաշտօն ստանձնած է հաւատ ունենալով ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա նուրբ դերակատարութիւն մը ունի դաշինքէն ներս:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկա հիմնուած FLY բարեսիրական միութեան երիտասարդական մարմնի պատասխանատու Ալինա Սամուէլեան FLY-ի գործունէութեան ծիրէն ներս վերջերս այցելեց Երեւան, ուր պատասխանեց մեր հարցումներուն։
Կը շնորհաւորեմ յարգելի պարոն Արա Գօչունեանը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, եւ կը մաղթեմ, որ օրաթերթը ունենայ անխափան եւ արգասաւոր ուղի:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի սրտին մէջ, Աբովեան փողոցին վրայ, գործող «Կրանտ հոթել Երեւան» («Երեւան») պանդոկէն ներս բացուած է ինքնատիպ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին: Այս ցուցահանդէսով, ըստ էութեան, մեկնարկած է «Երեւան պանդոկի բնակիչները» նախագիծը, որ Երեւանի քանի մը թանգարաններուն եւ «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին համատեղ մշակութային ծրագիրն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբ կ՚ապրի ներկայ ժամանակաւոր կեանքը, պէտք է անիկա նպատակ մը ունենայ, պէտք է անցք մը նկատուի ան՝ հասնելու համար կատարեալին՝ անժամանակ կեա՛նքին։ Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ ներկայ կեանքով վերջանար ամէն ինչ, այլապէս իմաստ մը պիտի ունենա՞ր կեանքը։
Հայաստանի մէջ քոնիաքի արտադրութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի, կը շարունակէ մնալ որպէս խոշոր գործ: Երկրի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը կրնայ պարծենալ անով, որ այստեղ մէկ շունչին բաժին հասնող քոնիաքի թորիչները աւելի շատ են, քան աշխարհի որեւէ այլ քաղաքի մէջ, նսյնիսկ ֆրանսական Քոնիաքին մէջ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին կ՚ըսուի յայտնի Forbes պարբերականին մէջ հրապարակուած լայնածաւալ յօդուածին մէջ, որ վերնագրուած է՝ «Բացայայտելով հայկական պրանտիի աշխարհը»:
Ես ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողն եմ արդէն հինգ տարիէ ի վեր եւ երեւի, թէ չեմ գիտեր՝ քիչերէ՞ն մին, թէ՞ շատերէն մին, թէ, որ եղած եմ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատանը, ուր շատ աշխատանքային մթնոլորտ կայ, շատ բարեկամաբար կ՚ընդունին բոլորը եւ նոյն կերպով կը ճանապարհեն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին խօսելու ատեն ես կ՚ուզեմ ընդամէնը քանի մը յատկանիշեր նշել. Նախ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, կը կարծեմ, տարածքաշրջանային թերթ է, հակառակ, որ ան կը հրատարակուի Պոլիս, բայց շնորհիւ այն հարցադրումներու, որոնք ընդգրկուած են անոր էջերուն մէջ եւ նաեւ շնորհիւ Սագօ Արեան թըղ-թակցի, որ սիւնակ ունի այնտեղ, ան կը դառնայ տարածքաշրջանային թերթ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ Սուրիոյ դէմ տրուած հարուածը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ընդհանրապէս, մեկնաբանները համոզուած են, թէ Արեւմուտքը փափաքած է ուժի ցոյց մը ընել Սուրիոյ մէջ, ուր Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կը ծաւալի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրոյ կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը աւելի յստակ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել. եթէ չկայ սէր, չկայ նաեւ որեւէ բան մարդուս համար։ Արդարեւ սէրը կեա՛նք է եւ կեանքի աղբիւր, եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք. եթէ սէր չկայ՝ կեանք ալ չկա՛յ։
Վազգէն Եագուպեան. «Մենք միշտ բարձր գնահատած ենք հայ մամուլի պատմութեան եւ մանաւանդ պոլսահայութեան ազգային կեանքին մէջ ձեր թերթին կատարած անփոխարինելի դերը»:
«Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարաբերութիւնները երկար պատմութիւն ունին»: