Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կու հա­զար տա­րուայ ցան մը՝ ար­մա՛տ մըն է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, որ փո­խեց մարդ­կու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քը եւ էու­թիւ­նը։ Եր­կու հա­զար տա­րի ա­ռաջ Քրիս­տոս իր վար­դա­պե­տու­թեամբ հին մար­դը վե­րա­ծեց նոր մար­դու եւ նոր հո­գիով, նոր միտ­քով օժ­տեց ու բա­րե­փո­խեց մարդ­կու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

WBO-ի վար­կա­ծով աշ­խար­հի նախ­կին ա­խո­յեան հա­յազ­գի Ար­թուր Աբ­րա­համ այ­սօր գեր­մա­նա­կան Էր­ֆուրտ քա­ղա­քին մէջ պի­տի ճա­կա­տի լեհ Ռո­պին Քրաս­նի­քի դէմ (29 տա­րե­կան):

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Վե­նե­տի­կի «Viva Arte Viva» ա­րուես­տի մի­ջազ­գա­յին 2017-ի ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յիս 13-Նո­յեմ­բեր 26 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­րուես­տա­գէտ­ներ Ռա­ֆա­յէլ Մե­կալ, Ժան Պօ­ղո­սեան եւ Մի­րօ Պեր­սո­լիա:

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
Ազգային գերիշխանութեան տօնը կը զուգադիպի երկրի կառավարման համակարգի փոփոխման որոշման շրջանին:

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ վար­ձու տրո­ւած է Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հին շէն­քը։ Ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կը տա­նէին այս շէն­քը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Նա­րեկ Պալ վեր­ջերս Ժը­նե­ւի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուե­ցան 12-րդ ան­գամ։ Ճատ­րա­կի մրցա­շար­քի ծի­րէն ներս, մին­չեւ 15 տա­րե­կան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ան հան­դի­սա­ցաւ երկ­րորդ։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ պտոյտ մը կա­տա­րե­ցին դէ­պի Է­միր­կեան։ Միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ այս խում­բը Է­միր­կեա­նի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ ու­նե­ցաւ հա­ճե­լի ժա­մանց։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

ՀԱՅ­ՃԱՐ վեր­ջերս ի­րա­կա­նա­ցուց իր ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ար­դիւն­քին ընտ­րուե­ցաւ նոր վար­չու­թիւ­նը։ Սա ՀԱՅ­ՃԱՐ-ի վե­ցե­րորդ շրջա­նի վար­չու­թիւնն է, ո­րուն մաս կը կազ­մեն հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նա­մար­զա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նը եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց հա­մա­հայ­կա­կան այս կա­րե­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թեան ազ­գան­պաստ, ազ­գա­նուէր դա­րա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

«Հայաստան քայլերու պէտք է ձեռնարկէ իր անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար»:
Նախարար Վիգէն Սարգսեանի խօսքերով, տարածքաշրջանը չի կրնար ունենալ այլ ապագայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Հնդկաս­տա­նի փոխ-նա­խա­գահ Հա­միտ Ան­սար կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Հա­յաս­տան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը պատ­րաս­տուի ձեռ­նար­կել դէ­պի Հա­յաս­տան եւ Լե­հաս­տան շրջա­գա­յու­թեան մը, ո­րուն ա­ռա­ջին փու­լը պի­տի հա­դի­սա­նայ Ե­րե­ւան։ Հնգօ­րեայ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ծի­րէն ներս Հա­միտ Ան­սար Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լանտ ե­րէկ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Թուր­քիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը կը վի­ճար­կուին երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն կող­մէ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Շաբաթավերջի նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ֆրանսայի մէջ դարձեալ ահաբեկչութիւն:
Շան զ՚Էլիզէի աշխարհահռչակ պողոտային վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն ոստիկան մը սպաննուեցաւ, երկու ալ վիրաւոր:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին յառաջիկայ շրջանին նոր թափ մը տալ իրենց բազմակողմանի համագործակցութեան:
16-17 Մայիսին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի այցելէ Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան երդիքին տակ պիտի տեսակցի Տանըլտ Թրամփի հետ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Մար­սէյ­լի մէջ վեր­ջերս նշուե­ցաւ Սա­հակ-Մես­րոպ երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 40-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Խմբա­վար Խա­չիկ Եըլ­մա­զեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ այս երգ­չա­խում­բը կը գոր­ծէ չորս տաս­նա­մեա­կէ ի վեր եւ իր նման­նե­րու շար­քին սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ու­նի շատ յա­ւակ­նոտ դիրք մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, իր ստեղ­ծու­մէն ի վեր կը ջա­նայ հաս­նիլ կա­տա­րե­լու­թեան, ա­ւե­լի եւս զօ­րա­նալ եւ ա­ւե­լի ան­թե­րի ըլ­լալ ա­մէն տե­սա­կէ­տով։ Ար­դա­րեւ, մարդ ստեղ­ծուած է կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու՝ ինչ­պէս բնու­թիւ­նը տե­ւա­պէս բարշրջ­ման ըն­թաց­քով կը բա­րե­փո­խուի, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Ե­րէկ, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ աղ­քա­տախ­նամ տիկ­նանց կազ­մը հա­ւա­քոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Ա­թա­գիւ­ղի մէջ։ «Նոս­սա-Քոս­թա» ճա­շա­րա­նին մէջ հա­մախմ­բուե­ցան թէ՛ թա­ղե­ցի եւ թէ այլ զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­մա­կիր տի­կին­ներ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

«Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը, ի դէմս Ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րու հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան մէջ «Մայք­րո­սոֆ­թ»ի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Ռո­լանտ Պին­քոֆս­քիի եւ Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ի դէմս նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեա­նի, ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

«Թու­ֆէն­քեան» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով վե­րա­նո­րո­գուած է Հադ­րու­թի շրջա­նի Ակ­նաղ­բիւր հա­մայն­քի ա­ռանձ­նա­տուն մը եւս: Հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ Անդ­րա­նիկ Գաս­պա­րեան յայտ­նած է, որ ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մէն ետք հիմ­նադ­րա­մը ձեռ­նար­կած է նոր ծրա­գ­րի մը եւս, ո­րով նա­խա­տե­սուած է վե­րա­նո­րո­գել հաշ­ման­դամ­նե­րու տու­նե­րը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը, իր Ֆրան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ սկսած է հենտ­պո­լի (ձեռ­քի գնդակ) մար­զահ­րա­պա­րա­կի կա­ռուց­ման:

Էջեր