Արխիւ
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ Ս. Զատկի տօնին առթիւ այց մը տուաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, ուր ներկայ էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողկիէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Քաղաքապետն ու իր ընկերակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Զէքիեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ։
VADİP Koordinasyon Kurulu 19 Nisan 2017 tarihinde, Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi'nde bir toplantı gerçekleştirmiştir. Toplantıya Seçilmiş Patrik Kaymakamı Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan ve Ruhani Meclis Başkanı Sayın Episkopos Sahak Maşalyan da katılmışlardır.
VADİP-ի համակարգման խորհուրդը երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երկար քննարկում մը ծաւալեց՝ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած առկայ փակուղիի յաղթահարման հեռանկարները սեղանի վրայ դնելով - Խորհրդակցութեան աւարտին որոշուեցաւ աշխատանք տանիլ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններով ու պետական պաշտօնական ընթացակարգերով նախատեսուած քայլերը ներդաշնակեցնելու ուղղութեամբ
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մանրամասնօրէն: Ներկայացուցին առկայ տագնապի լուծման վերաբերեալ իրենց պատկերացումները: Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ: Աշխարհական վարիչները արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը՝ համայնքի ընդհանուր կացութեան շուրջ:
Յառաջիկայ շրջանին կ՚ակնկալուի նոր շփումներու համար հանդէս գալ նախաձեռնութիւններով: Երեք սրբազաններուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը համարուի անհրաժեշտ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ։ Ս. Զատկի տօնի եւ հանրաքուէի աւարտին, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հրատապ օրակարգը վերականգնուած է՝ բոլոր բարդ երեսակներով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շարունակեց Ս. Զատկի տօնին առթիւ շնորհաւորականներ ընդունիլ Գումգաբուի մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս ծիրէն ներս Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւան, որուն կ՚ընկերանար խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 18-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր գրականութեան դասական մեծութիւններէն Ալեքսանտր Մովսիսեանի (1858-1935), որ արեւելեան կողմն Հայաստանի՝ Շամախի (Շիրվան) մէջ ծնած ըլլալով, գրչանուն ընտրեց Շիրվանզատէն (Շիրվանի Զաւակ) եւ այդ անունով իր լուսաւոր տեղը նուաճեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան երկնակամարին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Զատիկ մըն ալ անցաւ, գնաց: Մեր կեանքի տօնական առիթներէն հատ մը եւս գլորեցաւ: Կեանք: Ի՞նչ է արդեօք անիկա: Կը խօսինք, կը հաղորդակցինք մեր հարազատներուն հետ, բոլորը հեռու, փառք կու տանք Բարձրեալին, որ կան գոնէ այս համացանցային հաղորդակցութեան միջոցները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ջուրը մարդուս կեանքին համար անհրաժեշտ տարր մըն է։ Արդարեւ, մարդկային մարմնին բաղադրիչներուն մէջ կարեւոր եւ բարձր համեմատութեամբ տեղ կը գրաւէ ջուրը։ Մարդ իր էութիւնը պահելու եւ կարենալ տեւականացնելու համար ջուրի պէտքը ունի եւ ինչպէս բոլոր կենդանի էակները։
Լաթվիոյ մայրաքաղաքը՝ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարեան հայ հոգեւորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ, տաղերգու Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի լաթիշերէն տարբերակի շնորհանդէսը: Գիրքը թարգմանած է լաթվիացի հայագէտ Վալտա Սալմինա:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է փոխադրամիջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպում:
Ըստ Սարգսեանի, Հայաստան պիտի շարունակէ կատարել իր միջազգային պարտաւորութիւնները:
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ջերմ հանդիպումներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները եւ քաղաքապետներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշակերտներէ բաղկացեալ մեծ խումբ մը։ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն եւ Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն շուրջ 45 աշակերտներ Ս. Զատկի տօնական շրջանին ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Երէկ բովանդակ Թուրքիա մեծ ցաւ ապրեցաւ Թունճելիէն հասած լուրերով։ Հանրային պաշտօնեաներ փոխադրող ոստիկանական ուղղաթիռ մը անկում ունեցաւ՝ անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։ Լեռնային հատուածէ մը ներս պատահեցաւ արկածը, որու հետեւանքով տասներկու հոգի նահատակուեցաւ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ոչ ոք իր մօր որովայնէն տգէտ, գիտուն կամ իմաստուն դուրս ելած է։ «Մերկ եկած ենք եւ մերկ ալ պիտի երթանք», ինչպէս պիտի ըսէր համբերատարութեան գերագոյն օրինակը՝ Յոբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած փակուղին տօնական շրջանի եւ հանրաքուէի աւարտին միշտ կը բնորոշէ համայնքին օրակարգը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան VADİP-ի համակարգման խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քննարկելով առկայ ծանր խնդիրներն ու լուծման հեռանկարները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային մարմինը իր գոյութիւնը պահելու եւ տեւականացնելու համար պահանջքը կը զգայ սնունդի եւ այս պատճառով, բնականաբար, երկրաւոր-նիւթական սնունդ կը փնտռէ երկրի վրայ, քանի որ մարմինը երկրային է եւ անշո՛ւշտ որ երկրային սնունդով պիտի սնանի։
16 Ապրիլի հանրաքուէի արդիւնքները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին մօտ կը կատարուին բազմաթիւ բողոք-դիմումներ։
Թրամփ երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյցով Էրտողանը շնորհաւորեց հանրաքուէի արդիւնքին համար:
Թուրքիոյ մէջ յառաջիկային եւս երեք ամիսով պիտի երկարաձգուի արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը: